Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սարգիսեան. Էականօրէն Աճեր է Բնակչութեան Բարեկեցութիւնը

Նախագահ Սարգիսեան. Էականօրէն Աճեր է Բնակչութեան Բարեկեցութիւնը

by MassisPost

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան 16-րդ համագումարին ունեցած իր ծրագրային ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեանը նաեւ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի յաղթանակի պարագային Կարէն Կարապետեանը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել որպէս վարչապետ:

Եթէ Հանրապետական կուսակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստանայ քուէներու մեծամասնութիւնը, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գլխաւորել Կարէն Կարապետեանը: Այս մասին Շաբաթ օր յայտարարեց կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Սերժ Սարգիսեանը՝ մարզահամերգային համալիրի մէջ հրաւիրուած՝ ՀՀԿ 16-րդ  համագումարին: Ծաւալուն ելոյթ ունենալով կուսակիցներու ու հիւրերու առջեւ, Սարգիսեանն ընդգծեց, որ ՀՀԿ-ն պիտի փորձէ աւելցնել իր դերակատարումը՝

«Հանրապետականը գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններին ներկայանալու է հասարակութեան մէջ լայն հեղինակութիւն վայելող ու վստահութիւն ներշնչող անհատների եւ բաց քաղաքական դաշտում բոլորի հետ հաւասար պայմաններում մրցել ու գաղափարներով յաղթել կարողացող գործիչների կուռ թիմով, գրագէտ համադրութեամբ։ Ասեմ նաեւ, որ գալիք ընտրութիւններում վստահութեան քուէ ստանալու պարագայում մեր կառավարութիւնը կրկին կը գլխաւորի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը՝ շարունակելով իրագործել արդէն իսկ նախանշուած ծրագիրը»:

Այլ չակերտներ Սարգիսեանը չբացաւ․ ինչո՞վ կը զբաղուի ինքը 2018-ին՝ թողելով նախագահի պաշտօնը, կամ կը գլխաւորէ՞ արդեօք նաեւ Հանրապետականի նախընտրական ցուցակը երէկ կուսակցութեան անդամագրուած վարչապետը: Նախագահը իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց Կարէն Կարապետեանին՝

«Բոլորիս անունից ողջունում եմ Հանրապետականի շարքերը համալրելու՝ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ կառավարութեան մեր միւս գործընկերների որոշումը: Վստահ եմ, որ պարոն Կարապետեանի խանդավառ ոճն ու կառավարչի տաղանդը լիովին կը բացայայտուեն այս պաշտօնում եւ նոր ոգեւորութիւն կը բերեն մեր թիմի անդամներին»:

Շարք մը քաղաքներու ու գիւղերու մէջ իրականացուած վերջին ընտրութիւնները վկայակոչելով՝ Սերժ Սարգիսեանը խօսուն ցուցանիշ համարեց, որ համայքներու մէջ 70 տոկոսով Հանրապետականը  յաղթած է, միաժամանակ, սակայն, կուսակցութեան առաջնորդը չանդրադարձաւ ո՛չ Վանաձորի ու Գիւմրիի մէջ ստեղծուած յետընտրական վիճակին, ո՛չ ալ կեղծիքներու եւ ընտրակաշառքի մասին ընդդիմադիրներու ահազանգերուն:

«․․․Ամէն ինչ անում ենք ու անելու ենք, որ այդ քուէին արժանանանք արդար եւ ազնիւ ընտրական գործընթացի պայմաններում։ ․․․Մենք արդէն շատ լուրջ ջանքեր ենք ներդրել, որպէսզի պատմական համաձայնութեան գանք ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների հետ՝ ընտրական գործընթացի կազմակերպման առանցքային խնդիրների շուրջ: Այժմ մեր առաջնահերթ խնդիրն է՝ 2017 թուականի գարնանը կազմակերպել եւ անցկացնել անբիծ ընտրութիւններ»,- նաեւ ըսաւ Սարգիսեան:

Իր ելոյթի առիւծի բաժինը ան նուիրեց տնտեսութեան՝ յայտարարելով, թէ վերջին 9 տարիներուն Հայաստանը արձանագրած է աւելի քան 29 տոկոսի աճ, այն պարագային, երբ Եւրոպայի մէջ տնտեսական աճը չէ հասած նոյնիսկ 9 տոկոսի: Իր պաշտօնավարման տարիները ամփոփելով՝ նախագահը ընդգծեց՝ նուազագոյն աշխատավարձը 20 հազարէն հասեր է 55 հազար դրամի, թոշակը 2007 թուականի 12 հազար դրամի փոխարէն այժմ 42 հազար է: Այս թիւերու կողքին Սարգսեան սակայն չյիշատակեց գնաճը, կաշառակերութիւնը  ու մենաշնորհները:

«․․․էականօրէն մեծացել է բնակչութեան բարեկեցութիւնը։ Բայց ինչպէս ասում են, եթէ նախկինում քչով բաւարարուում էինք, այսօր աւելի մեծ կարիքներ ունենք։ Մարդու էութիւնն է այդպիսին. շատ բաներ, որոնք արդէն կան, ասենք շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարում կամ ջրամատակարարում, լուսաւորուած ու ծաղկազարդ փողոցներ եւ այլն, մարդիկ սկսում են չնկատել, բայց որեւէ բանի բացակայութիւնը նկատում են միանգամից»:

Խիստ քննադատութեան արժանացած արտաքին պարտքին անդրադառնալով՝ Սերժ Սարգիսեանը վստահեցուց, թէ ան կատարեր է իր հիմնական նպատակը՝ տնտեսութիւնը դիմագրաւեր է ֆինանսական անբարենպաստ վիճակին, գումարի հիմնական մասը ներդրուեր է հեռանկարային ծրագիրներու մէջ, օրինակ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» երթուղային ճանապարհը, անվտանգութիւնը՝

«Այն, բնականաբար, չի վատնուել ընթացիկ ծախսերի վրայ։ Գալիք տարիների փոփոխութիւնները լինելու են բեկումնային, քանի որ հասել ենք այն կէտին, որտեղ, թէկուզ ինչ-որ չափով ձգելով մեր գօտիները, սահմանափակելով ու ընդունելով պահպանողական պիւտճէ, կարողացել ենք արդիւնաւէտ դիմագրաւել մարտահրաւէրներին, ապահովել տնտեսական աճ, բարձրացնել տնտեսութեան մրցունակութիւնը, մեծացնել արտահանումը։ Այլեւս անցեալ է պարզապէս դրսի օգնութեանն ու վարկային միջոցներին ապաւինելու քաղաքականութիւնը»:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն ժողովուրդի ազատ ինքնորոշմամբ, համագումարի ամպիոնէն պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը ներկայացուց Սերժ Սարգսեանը՝ պնդելով, թէ քանի դեռ անորոշութեան մատնուած է Ղարաբաղի կարգավիճակը, որեւէ այլ հարց լուծում չի կրնար գտնել:

«Մենք յստակ գնահատում ենք տարածաշրջանում եղած ուժերի հաւասարակշռութիւնը: Մենք Պաքուն գրաւելու եւ կապիտուլիացիա պարտադրելու ռազմաքաղաքական խնդիր չենք հետապնդում: Սակայն, նաեւ շատ լաւ գնահատում ենք, թէ ինչ տեսակի անդառնալի կորուստ կարող ենք հասցնել հակառակորդին: Կարծում եմ՝ աւելի մանրամասնելու կարիքը չկայ»,- ըսաւ Սարգիսեանը:

Ան  «Ուժեղ Հայաստան»-ը հռչակեց, որպէս հայաստանցիներուն միաւորող գաղափար: «Հաւատանք, որ փոխենք», խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններուն ընդառաջ հրաւիրուած համագումարին ալ այս ըսած էր նախագահը․ յետագային այն դարձաւ կուսակցութեան նախընտրական կարգախօսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment