«Ժամանակ» թերթը գրած է. «2017 թուականի Ապրիլի 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններին ընդառաջ` ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը դաշինքներ կազմելու աքտիւ քննարկումների մէջ է»:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, դէմ է կարճաժամկէտ դաշինքներուն, ան կարեւոր կը համարէ յետագային մէկ ընդդիմութիւն դառնալու գաղափարը:
«Հանրապետութիւնը» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Զ. Սարգսեանը, որ նաեւ ներկայ էր ՔՊ-ի արտահերթ համաժողովին, բազմիցս յայտարարած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը պատրաստուի մասնակցիլ դաշինքով եւ կը գործակցի այն ուժերուն հետ, որոնք դէմ են Եւրասիական տնտեսական միութեան:
Այս ուժերուն հնարաւոր է միանայ նաեւ Եւրաընկերայնացման ջատագով «Ժառանգութիւն»-ը:
«Ժառանգութիւնը» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը հաստատած է, որ այժմ բանակցութիւններ կը տանին ընտրութիւններուն դաշինքով մասնակցելու համար, սակայն գործընթացին չվնասելու համար անուններ չեն հրապարակեր:
Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ վերջնական յայտարարի գալու համար կարեւոր է նաեւ կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը` Հայաստանի ինքնիշխանութեան հարցը. «Մենք կողմնակից ենք, որ Հայաստանը բոլորի հետ նորմալ յարաբերութիւններ ունենայ եւ որեւէ պետութիւնից, այս դէպքում` Ռուսաստանից, վասալային կախուածութիւն չունենայ այն աստիճան, որ վարչապետի պաշտօնին «նամեստնիկ» ուղարկեն»:
Հաւանաբար «Հանրապետութիւն»-«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան միաւորման մասով որոշումը հանրութեանը յայտնի կը դառնայ մօտ օրերս»: