Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Պատգամաւորի Հարցը Զայրոյթ Պատճառած է Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին

Հայ Պատգամաւորի Հարցը Զայրոյթ Պատճառած է Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին

by MassisPost

«ՆԱԹՕ»ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 62-րդ ամէնամեայ նստաշրջանի ժամանակ Պոլսոյ մէջ հայ պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեան իր հարցումով զայրացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Թրքական «Հուրիէթ» պարբերականի փոխանցմամբ՝ Կորիւն Նահապետեան նիստի ժամանակ հարցում ուղղելով Չաւուշօղլուին, յայտարարած է, որ Թուրքիա կ’աջակցի «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման:

Կորիւն Նահապետեան Չաւուշօղլուին ուղղած իր հարցումին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Թուրքիա, ձեւացնելով, թէ կը կռուի ահաբեկիչներու դէմ, իրականութեան մէջ կը սպանէ քիւրտերը` աջակցելով «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման: Ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ պաշտօնական Անգարայի որեւէ միջամտութիւն միայն պիտի վնասէ անոր` Թուրքիոյ միակողմանի դիրքորոշման եւ ամէն գինով Ազրպէյճանին աջակցելու միտման պատճառով: Ազրպէյճանի կողմէն ԼՂ շփման գիծին վրայ Ապրիլի 2-5-ը սադրած իրադարձութիւնները եւ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած սադրիչ յայտարարութիւնը անոր վառ ապացոյցն են: Ներկայիս, Թուրքիա իր զօրքերը տեղակայած է երեք դրացի երկիրներու մէջ` անոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային առանց տուեալ երկրի կառավարութեան համաձայնութեան: Իմ հարցումս հետեւեալն է`Թուրքիա ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ իր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը»:

Ի պատասխան հայ պատգամաւորին հնչեցուցած հարցումին` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ իրենք կողմ են Իրաքի եւ Սիրիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Ան մեղադրած է հայկական կողմը «անարդար գտնուելու» մէջ` ըսելով. «Մենք կրնանք տարբեր տեսակէտներ ունենալ` Դուք Հայաստանէն էք, ես թուրք եմ: Սակայն նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արդար ըլլալ: Մանաւանդ, եթէ քաղաքական գործիչներ ենք: Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին երկար տարիներ տեսած եմ, որ դժբախտաբար մեր հայ գործընկերները երբեք արդար չեն եղած: Ինչպէ՞ս կ’ըսէք, որ մենք կ’աջակցինք ԻՊ-ին»:

Չաւուշօղլու փորձած է արդարանալ` նշելով, որ Թուրքիա ձերբակալած եւ սպանած է մեծ թիւով ԻՊ զինեալներ` այդպիսով օգնած ըլլալով նաեւ եւրոպական երկիրներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment