Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան՝ «Իսկանդեր»-ը Ատրպէյճանի Դէմ Հակաթոյն է

Սերժ Սարգսեան՝ «Իսկանդեր»-ը Ատրպէյճանի Դէմ Հակաթոյն է

by MassisPost

Հայկական կողմը կ′ընդունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց այդ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին չի հակասէր, յայտնած է Հայաստանի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, ռուսական «Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային լրատուական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Տիմիթրի Կիսելյովին տուած հարցազրոյցին:

Ան ըսած է, որ ղարաբաղեան խնդիրը մի քանի անգամ մօտ եղած է լուծման, եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը նոյնպէս ներառուած է փաստաթուղթին մէջ, բայց Ատրպէյճանը միշտ ետ կանգնած է ստորագրելէ։

Հայաստանի կողմէ «Իսկանդեր»-ը ձեռք բերելու մասին, նախագահը ըսած է, որ հայկական կողմը Ռուսիոյ հետ տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու մասին պայմանագիր ունի ու կը կարծէ, որ Ռուսիա անկէ ելլելով ընդառաջած է Հայաստանի խնդրանքին եւ տրամադրած «Իսկանդեր»-ը։

«Գաղտնիք չէ, որ Ատրպէյճանը վերջին մի քանի տարուայ ընթացքում կանոնաւոր ձեռք է բերել նորագոյն սպառազինութիւն։ Մենք չունենք ֆինանսական այն հնարաւորութիւնները, որոնք ունի Ատրպէյճանը, բայց մենք անընդհատ փորձում ենք հաւասարակշռել իրավիճակը` ձեռք բերելով հակաթոյն։ Իմ կարծիքով` այս դէպքում «Իսկանդեր»-ը հակաթոյն է»- ըսած է Սերժ Սարգսեանը։

Անոր խօսքով, խնդիրը պէտք է փոխզիջումներու միջոցով լուծուի, եւ այս այն դէպքը չէ, որ յաղթած է Հայաստանը կամ Ատրպէյճանը, կամ ալ Ղարաբաղը։ Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ թէժ գիծի ստեղծման Սարգսեան դրական տրամադրուած է։

Սարգսեանը ըսած է, որ ապրիլեան պատերազմին մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու գործով Ռուսիոյ դերը առանցքային եղած է։

«Հայ հասարակութեան մէջ միանշանակ չընդունուեց Ռուսաստանի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, յամենայն դէպս՝ զանգուածային լրատուամիջոցների, ԱԳՆ-ի մակարդակով։ Կարելի է հասկանալ հայ հասարակութեանը, որովհետեւ Հայաստանում բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը համոզուած էր, որ վտանգի դէպքում Ռուսաստանը միշտ կը լինի Հայաստանի կողքին։ Բայց, ինչպէս ասում են՝ երազելը վնաս չէ… մարդկանց մի մասը հասկացաւ, որ Ռուսաստանը ստիպուած էր պահպանել հաւասարակշռութիւն, հակառակ դէպքում դա կարող էր հանգեցնել աւելի լայնածաւալ գործողութիւնների»։ Հայաստանի նախագահը ըսած է նաեւ, թէ վերջնական խաղաղութեան յոյս ունի, բայց Ատրպէյճանը «անկանխատեսելի երկիր է»։

Անդրադառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան, Սերժ Սարգսեան նշած է. «ԵՏՄ-ն մեծ ապագայ է, ամէն դէպքում` մեզ համար»։

Սարգսեանի խօսքով, իր երազանքն է, որ իրագործուի ազգային գաղափարը՝ իսկ այդ ուժեղ, ամուր պետութիւն դառնալն է, խնդիրներ չունենալը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Նախագահը կ′երազէ, որ Ղարաբաղը ըլլայ կամ Հայաստանի կազմին մէջ, կամ ալ՝ անկախ պետութիւն։ Իսկ ամենաանհաւանական երազանքը այն է, որ բոլոր հայերը Հայաստան գան։

Նախագահը կը կարծէ, որ յառաջիկային տնտեսական աճը կ′արագանայ, քանի որ թէ՛ վարչապետը, թէ՛ իշխանութիւնը տրամադրուած են: Սարգսեանը այդ գործին մէջ նոր կառավարութեան շարժիչ ուժ կը համարէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment