Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ մեջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գտնէ, որ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ԺԺԿ) ղեկավարներու եւ երեսփոխաններու ձերբակալութիւնը բացայայտ ոտնահարում է ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն. իսկ զանգուածային անկախ լրատուամիջոցներուն բռնի փակումը՝ յստակ ոտնահարում խօսքի ազատութեան:

Ձախող յեղաշրջումի պատրուակով յայտարարուած արտակարգ իրավիճակի քօղին տակ, յեղաշրջումին հետ կապ չունեցող աշխարհիկ (լայիք), ազատական, ձախակողմեան եւ նոյնիսկ իսլամական ընդդիմադիր հայեացքներու տէր մարդոց կամայական գործէ արձակումները եւ անոնց դէմ դատական գործեր յարուցանելը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու պաշտօնազրկումներն ու ձերբակալութիւնները դարձած են Թուրքիոյ առօրեայ լուրերուն վերնագիրները: Մէկ խօսքով, այսօր Թուրքիոյ մեջ անդամալուծուած են մարդկային իրաւունքներու ամենատարրական սկզբունքներն ու չափանիշները եւ երթալով երկրէն ներս կը մեծնայ բռնատիրութեան հաստատման վտանգը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Էրտողանի իշխանութիւններուն սանձազերծած բռնութիւններն ու ձերբակալութիւնները եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային ինքնորոշման համար պայքարող ազատախոհներուն, ձախակողմեաններուն եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն, այն հաստատ համոզումով, որ անոնց միջեւ ստեղծուած ու իր զարգացման ընթացքին մէջ գտնուող դաշինքը չի փշրուիր էրտողանեան բռնարարքներուն դիմաց և ուշ կամ կանուխ պիտի տայ իր արդիւնքը:

Միւս կողմէ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը անբաւարար կը գտնէ միջազգային ընտանիքի ցարդ ցուցաբերած արձագանքը՝ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ԺԺԿ) ղեկավարներու եւ երեսփոխաններու ձերբակալութեան առթիւ եւ կոչ կ’ուղղէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներուն եւ Եւրոպական Միութեան՝ չբաւարարուիլ միայն խոր մտահոգութիւն յայտնելով, այլ ուղղակի պահանջել անոնց անյապաղ ազատ արձակումն ու ամեն տեսակի քաղաքական հալածանքներու կասեցումը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment