Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան կը Սպառնայ Կասեցնել ԵՄ-ին Անդամակցութեան Գործընթացը

Էրտողան կը Սպառնայ Կասեցնել ԵՄ-ին Անդամակցութեան Գործընթացը

by MassisPost

Պրուքսել, տակաւին կողմ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն, սակայն, պայմանով, որ Անգարան «չանցնի կարմիր գիծը»:

Նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը կը սպառնայ հանրաքուէի դնել ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցը:

«Ուշացել էք, անմիջապէս որոշում ընդունէք: Որպէս նախագահ, յայտարարում եմ, որ կը համբերենք մինչեւ տարեվերջ, այնուհետեւ կը դիմենք ժողովրդին»,- ըսած է Էրտողանը:

Նախօրէին Պրուքսել կայացած՝ ԵՄ անդամ պետութիւններու ԱԳ նախարարներու նիստի ժամանակ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները, բացառութեամբ Աւստրիոյ, կողմ արտայայտուած են Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները շարունակելուն: Այդ մօտեցումն այսօր հաստատած է նաեւ պաշտօնական այցով Անգարա գտնուող՝ Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը:

Եւրամիութեան արտգործնախարարներու համոզմամբ` գործընթացի կասեցումը աւելի կը բարդացնէ առկայ լարուածութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Եւրամիութեան անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին ընդգծած է` Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի հնարաւոր վերականգնումը «կարմիր գիծ է» ԵՄ-ի համար:

Էրտողանի վարչակարգը, սակայն, կարծես չի պատրաստուիր այդ հարցով տեղի տալ եւ մտադիր է յառաջիկային խորհրդարանի օրակարգ բերել մահապատիժի վերականգնման հարցը:

Պաշտօնական Պրուքսելը Թուրքիոյ շարունակ կոչ կ′ընէ յարգել մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, հաւատարիմ մնալ ժողովրդավարական արժէքներուն: Անգարան ալ, իր հերթին, ԵՄ-ին կը մեղադրէ Թուրքիոյ սպառնացող ահաբեկիչներուն ապաստան տալու եւ աջակցելու համար:

Կ′ակնկալուի, որ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցի վերաբերեալ յստակ որոշում կը կայացնէ յառաջիկայ դեկտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment