Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի-Պաքուի «Թէժ Գիծի» Առաջարկ

Երեւանի-Պաքուի «Թէժ Գիծի» Առաջարկ

by MassisPost

«Ես հանդէս եմ գալիս Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ «թէժ գիծ» ստեղծելու օգտին՝ Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծում իրադարձութիւններին օպերատիւ արձագանքելու համար»,- յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, «Ռուսաստանն այսօր » միջազգային տեղեկատուական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Տիմիթրի Կիսելյովի հետ հարցազրոյցին:

«Նման փորձ մենք ունեցել ենք դեռեւս 1990-ական թուականների սկզբին, այդ ժամանակ ես Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարն էի, եւ մենք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի հետ ուղիղ կապ ունէինք: Մենք կարողանում էինք այդպիսի արտակարգ դէպքերում, երբ արտակարգ կապ էր անհրաժեշտ, միմիանց հետ կապուել: Բայց հիմա դա գոյութիւն չունի»,- պարզաբանած է նախագահը:

2-էն 5 Ապրիլ ինկած ժամանակահատուածին մէջ, զինադադարի կնքումէն ի վեր տեղի ունեցած է ղարաբաղեան հակամարտութեան ամենախոշոր թեժացումը: Երեւանը տեղեկացուցած է ատրպէյճանական կողմի յարձակողական գործողութիւններու մասին, ըստ որուն՝ Պաքուի մէջ, յայտարարած են Հայաստանի ԶՈւ-ի կողմէ գնդակոծութեան մասին: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ հակամարտութեան երկու կողմերն ալ կորուստներ ունեցած են, այդ կարգին՝ խաղաղ բնակիչներու շրջանակին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment