Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրուքսել կը Մեղադրէ Անգարան` Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Ատրպէյճանին Աջակցելու Համար

Պրուքսել կը Մեղադրէ Անգարան` Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Ատրպէյճանին Աջակցելու Համար

by MassisPost

Պրուքսել՝ Անգարան կը մեղադրէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին Ատրպէյճանին աջակցելու համար։ Այս մասին նշած է Եւրամիութեան՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան պատրաստուածութեան վերաբերեալ Եւրայանձնաժողովի հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ, ուր ընդհանուր առմամբ գնահատական տրուած է Թուրքիոյ վարած տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումներուն։

Փաստաթուղթին համաձայն, Եւրամիութեան անդամակցիլ ցանկացող Թուրքիոյ մէջ հետընթաց արձանագրուած է շարք մը ոլորտներու մէջ, այդ կարգին՝ արդարադատութեան, մարդու իրաւունքներու, խօսքի եւ մամուլի ազատութեան։

Զեկոյցի Հարաւային Կովկասին եւ Կեդրոնական Ասիոյ նուիրուած հատուածուին մէջ նշուած է, որ պաշտօնական Անգարան բացայայտ աջակցութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին 2016-ի ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին։

Զեկոյցի հեղինակները առանձին տողով նաեւ շեշտած են. «Թուրքիոյ իշխանութիւնները շարունակում են կոշտ արձագանքել որեւէ երկրի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստին»։

Թուրքիա բնակող հայ համայնքի խնդիրներէն զեկոյցի հեղինակները կ′առանձնացնեն նաեւ Հայոց պատրիարքութեան առաջարկը՝ երկրի համալսարաններէն մէկուն մէջ հայերու լեզուի ամպիոն բանալու վերաբերեալ, որ խոչընդոտներու կը հանդիպի։

Փաստաթուղթի վերաբերեալ պաշտօնական Անգարայի կոշտ արձագանքը չուշացաւ։ «Այդ զեկոյցը միակողմանի է եւ պարունակում է անընդունելի ձեւակերպումներ։ Մենք պատրաստ ենք ընդունել կառուցողական քննադատութիւն, սակայն զեկոյցները, որոնք Թուրքիային անկիւն են քշում ընդունել հնարաւոր չէ», – յայտարարած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment