Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահի Աջ-Պահպանողական Եօթ Թեկնածուները Միանման Պատասխաններ Տուած են Հայ Համայնքը Յուզող Հարցերուն

Ֆրանսայի Նախագահի Աջ-Պահպանողական Եօթ Թեկնածուները Միանման Պատասխաններ Տուած են Հայ Համայնքը Յուզող Հարցերուն

by MassisPost

Nouvelles d’Armеnie պարբերականը Ֆրանսայի հայ համայնքի խնդիրներու հետ կապուած շարք մը հարցերով դիմած է 2017-ի գարնան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ աջ-պահպանողական Հանրապետական (Les Republicains) կուսակցութեան եօթ ներկայացուցիչներուն, որոնք ցանկութիւն յայտնած են առաջադրուիլ նախագահական ընտրութիւններուն։

Անոնց կարգին են Ֆրանսայի նախորդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Ժաք-Շիրակի օրով վարչապետ, եւ արտգործնախարար Ալէն Ժիւպէն։ 20 եւ 27 Նոյեմբերին, այդ թեկնածուներուն միջեւ տեղի կ′ունենան նախնական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքով կը պարզուի Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն նախագահական ընտրութիւններուն։

Հայկական պարբերականի հարցերէն մէկը կը վերաբերի 24 ապրիլի պաշտօնապէս որպէս ազգային յիշատակի օր ընդունելուն, միւսը՝ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ հայ համայնքի տարած պայքարին Ֆրանսայի իշխանութիւններու հնարաւոր աջակցութեան։ Այս երկու հարցերու շուրջ բոլոր թեկնածուները դրական պատասխաններ տուած են, ինչպէս նաեւ յանձն առած Փարիզի մէջ հայկական յիշողութեան եւ քաղաքակրթութեան կեդրոն հիմնադրել։

Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուները միեւնոյն տեսակէտը արտայայտած են նաեւ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրամիութեան մերժելու հարցով։

Nouvelles d’Armеnie պարբերականի առաջադրած հարցերէն մէկը վերաբերած է Լեռնային Ղարաբաղին։ Այս հարցով թեկնածուները կարեւորած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ տարուող բանակցութիւնները եւ նշած Ֆրանսայի դերը այդ բանակցութիւններուն մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment