Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան Թրամբի՝ ԱՄՆ-Հայաստան Կապի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան Թրամբի՝ ԱՄՆ-Հայաստան Կապի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբի ընտրութիւնը մեծ զարմանք առաջացուցած է ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Վերլուծաբաններն ու փորձագէտները այս օրերուն կը փորձեն վերլուծել իրադրութիւնը, պարզելու, թէ ինչ կրնայ սպասել ԱՄՆ-ին ու տարբեր երկիրներու հետ անոր յարաբերութիւններուն Թրամբի օրով, երբ վերջինս՝ 2Օ յունուար 2Օ17-ին, երդման արարողութենէն յետոյ յայտարարուի ԱՄՆ-ի նախագահ։

ԱՄՆ-ի դեմոկրատ քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան, որ ի դէպ ընտրութիւններու արդիւնքով վերընտրուած է, «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութեան ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն ժամեր անց հեռախօսով ըսաւ, թէ անցեալ 18 ամիսները ընդգծած են Ամերիկայի մէջ առկայ պառակտումը։

Քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան համոզուած է, որ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոփոխութիւն անպայման կ′ըլլայ, սակայն լաւ թէ վատ, յստակ չէ։

Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ միջուկային հարցերով կնքուած գործարքին, քոնկրեսականը կը յիշեցնէ, որ կնքուած պայմանագիրը չէր ակնկալէր Սենաթի կողմէ վաւերացում։

Քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան կ′ըսէ, որ Քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերով յանձնախումբը ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պէտք է բարձրացնէ վաղ թէ ուշ։

«Շատ կարեւոր է, թէ արտաքին քաղաքականութեան ինչ թիմ կ′ընտրի Թրամբը։ Չեմ կարծում, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թրամբն ունի համապատասխան տեղեկատուութիւն։ Պէտք է տեսնել, թէ ում է նա նշանակելու պետքարտուղարի պաշտօնում։ Խօսակցութիւններ կան, դեռեւս չհաստատուած լուրեր, որ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնը նա կարող է առաջարկել Ներկայացուցիչների պալատի նախկին նախագահ Նիւթ Կինկրիչին»։

Քոնկրեսականը կը խոստանայ Քոնկրեսի իր գործընկերներուն հետ միասին շարունակել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները խորացնելու եւ Հայաստանի համար կարեւոր այլ հարցերու շուրջ ու խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ կիրառուող ջանքերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment