Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անկարելին Դարձաւ Կարելի

Անհաւատալի, քաղաքական երկրաշարժ, վտանգաւոր, Ամերիկեան կայսրութեան անկման սկիզբ ու տակաւին բազմաթիւ   այլ բառերով կը բնութագրուին Տանոլտ Թրամփի անակնկալ յաղթանակը Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն:

Տանոլտ Թրափ քաղաքական դաշտ մուտք գործելով խախտեց ցարդ ընդունուած բոլոր  չափանիշերը: Վիրաւորական արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն  դէմ, իր արտասանած խօսքերուն մեծ մասը նկատուեցաւ բացայայտօրէն սուտ, տուաւ անիրականանալի խոստումներ, ցուցաբերեց անբարոյականութեան յատկանիշեր ու հակառակ այս բոլորին ան կարողացաւ իր շուրջ համախմբել դժգոհներու մեծ զանգուած մը, որոնք հաւատարիմ մնալով իրեն` ճամբայ բացին դէպի Սպիտակ Տուն:

Առիթով մը Թրամփ յայտարարեց` «Կրնամ կենալ Նիւ Եորքի 5-րդ պողոտային վրայ, կրակել եւ  մարդ սպաննել ու տակաւին իմ համակիրները պատրաստ են քուէարկելու ինծի»: Այդպէս ալ եղաւ,  ցնցելով ոչ  միայն  Ամերիկան, այլ նաեւ`  ամբողջ աշխարհը:

Յառաջիկայ օրերը պիտի քան ցոյց տալու թէ, որքանով ան պիտի կարողանայ իրագործել այն խոստումները, որոնց վրայ կառուցած էր նախընտրական արշաւը:

Մեքսիքոյի հետ սահմանի երկարութեան հսկայ պատի մը կառուցումը ու Մեքսիքոյին ստիպելով որ վճարէ միլիառաւոր տոլարի ծախսերը, աւելի քան 11 միլիոն ապօրէն գաղթականներու  արտաքսումը, Իսլամներու Ամերիկա  մուտքը արգիլելը, արտաքին քաղաքականութեան վերանայումը,  գումարած` ժողովուրդի տնտեսական վիճակի շուտափոյթ բարելաւումը կը սպասեն իրականացումի:

Ինչ կը վերաբերի հայութիւնը յուզող հարցերուն, դժուար թէ ան հետաքրքրութիւն ցոյց տայ այդ ուղղութեամբ: Հաւանաբար ան նոյնիսկ անտեղեակ է, թէ քարտէսի վրայ ուր կը գտնուի Հայաստանը:

Մտահոգիչ է նաեւ այն պարագան, որ Տոնալտ Թրափի ունեցած տնտեսական կապերը` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ, կրնան ազդել Արցախի հարցով նոր վարչակազմի  դիրքորոշումներուն վրայ:

Վերջապէս, պէտք  չէ զարմանալ, երբ յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին, Սպիտակ  Տունը դադրի հանդէս գալ պաշտօնական յայտարարութիւններով:

Մաղթենք որ մեր այս կանխատեսումները սխալ դուրս կու գան:

Կ’ապրինք կը տեսնենք:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment