Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տինքի Սպանութեան Գործով Նոր Զարգացումներ

Տինքի Սպանութեան Գործով Նոր Զարգացումներ

by MassisPost
Ռամազան Աքիւրէք

Ռամազան Աքիւրէք

Թուրքիոյ մէջ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան ընթացքին, ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ռամազան Աքիւրէքը պնդած է, թէ Պոլսոյ նախկին նահանգապետ Ճելալէտին Ճերրահը իրմէ պահանջած էր ոչնչացնել Տինքի սպանութեան նախապատրաստութեան մասին տեղեկութիւնը:

«News.am»-ի հաղորդմամբ, թրքական «Habertürk»-ը կը գրէ, որ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատավարութեան ընթացքին, ուր որպէս մեղադրեալ մասնակցած են ներկայ եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցած է:

Երկու տարի կալանքի տակ գտնուող ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեքը յայտարարած է, թէ Պոլսոյ այն ժամանակուայ նահանգապետ Ճելալէտին Ճերրահը իրմէ պահանջած էր ոչնչացնել հետախուզական այն գրութիւնը, որ Տինքի սպանութենէն առաջ Տրապիզոնէն Սթամպուլ մեկնած են խումբ անձիք` «մեծ աղմուկ բարձրացնող» գործողութիւն մը իրականացնելու համար:

Ճելալէտին Ճերրահը հերքած է այս պնդումը` շեշտելով, թէ ինք նման բան չէ պահանջած Ռամազան Աքիւրեքէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment