Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պետական Մակարդակով Թալան», Իրաւապաշտպանները Կտրուկ Կ′արձագանքեն ՊՆ Նոր Ծրագրին

«Պետական Մակարդակով Թալան», Իրաւապաշտպանները Կտրուկ Կ′արձագանքեն ՊՆ Նոր Ծրագրին

by MassisPost

Զոհուած կամ հաշմանդամ դարձած զինծառայողներու ընտանիքներու ընկերային  աջակցութեան նոր ծրագիրը, որ արժանացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հաւանութեան, յառաջիկային կը ներկայացուի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու քննարկման, այս մասին տեղեկացուց պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Ծրագրով կը նախատեսուի 20 տարի շարունակ ընկերային աջակցութիւն տրամադրել 28 Յունուար 2017-էն յետոյ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելով զոհուած կամ հաշմանդամ դարձած զինծառայողներու ընտանիքներուն, ըստ որուն, ծրագրի համար միջոցներ կը յատկացուին այդ նպատակով ձեւաւորուած յատուկ հիմնադրամէն, որուն ելեւմտացոյցը պիտի ձեւաւորուի քաղաքացիներու աշխատավարձերէն ամսական 1000 դրամ գանձելով, ինչպէս նաեւ կամաւոր նուիրաբերութիւններով։

Ծրագիրը չէ ընդունուած հասարակութեան կողմէ, աւելին` արժանացած է հանրութեան որոշ շրջանակներու քննադատութեան:

Իրաւապաշտպան Լեւոն Բարսեղեանը` սա պետական մակարդակով թալան է «որակելով»: ըսաւ. «Ես համարում եմ, որ պետական պիւտճէն բաւարար ռեսուրսներ ունի այդ կարիքները հոգալու համար: Դրա համար հարկաւոր է վերացնել կոռուպցիան, իշխանութիւնը փոխել, մոնոպոլիաները վերացնել»:

Բարսեղեան կ′անդրադառնայ այս առիթով երէկ նախագահ Սարգսեանի ըրած յայտարարութեան, թէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ հանրութիւնը համախմբուեցաւ ու իր գումարները ուղղեց զինուած ուժերուն, եւ այս ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ նոյն կերպով նուիրաբերութիւններ ընել` հիմա արդէն յատուկ հիմնադրամին։ Մինչդեռ, այդ ինչպէս իրաւապաշտպանը կը պնդէ, կամաւոր բարեգործութիւն ընողներու անձնական գործն է, ու ոչ ոք, նոյնիսկ նախագահը, չի կրնար որեւէ մէկուն որեւէ բան պարտադրել։

Տարիներ շարունակ բանակի խնդիրներով զբաղող «Բանակն իրականում» նախաձեռնութեան անդամ Զարուհի Յովհաննիսեանը եւս կը շեշտէ՝ իշխանութիւնները հասարակութեան մօտ չունին այն վստահութիւնը, որ թոյլ կու տայ նոյնիսկ 1,000 դրամ նուիրաբերել թէկուզ երկրի անվտանգութեան երաշխաւորին։

90-ականներու սկիզբէն պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Անդրանիկ Քոչարեանը նշեց, որ պետութիւնը պարտաւոր է հարստացնել զինծառայողներու ընկերային փաթեթը, բայց այս ծրագիրը անոր մօտ յայտնի «կարմիր գիծերու» տպաւորութիւնը ձգած է. – «Դա նման է նոյն կարմիր գծերին, որովհետեւ հասարակութեանը մենք նոր հարկատեսակ ենք առաջարկում, չբացատրելով, թէ ինչպէս պէտք է այդ հարկատեսակը սպասարկուի, վերահսկուի, կառավարուի եւ դառնայ զինծառայողի համար որպէս սոցիալական փաթեթ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment