Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 26 Բնակարան Նուիրաբերած է Գիւմրիի Անօթեւան Ընտանիքներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 26 Բնակարան Նուիրաբերած է Գիւմրիի Անօթեւան Ընտանիքներուն

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը զուգահեռ իր ենթակառուցուածքային ծրագրերուն կ′իրականացնէ նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագրեր: Այդպիսին է «Բնակարաններ՝ Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներին» նախաձեռնութիւնը, որուն արդիւնքով 26 ընտանիք քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ այսօր ունի բարենորոգ, կահաւորուած, ջեռուցուող, կենցաղային արուեստագիտութեամբ յագեցած բնակարան: Այս մասին տեղեկացուցին հիմնադրամէն:

Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի եւ ARTN Shant հեռուստաընկերութեան ջանքերով, իսկ բնակարանները ձեռք բերուած են 2014-15-ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած հեռուստամարաթոններու հասոյթներով: ARTN Shant եւ Շանթ հեռուստաընկերությիւններու հանգանակած գումարին իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով միացած են անհատ բարերարներ Անդրանիկ Պաղտասարեանը, Վահէ Կարապետեանը, Հարօ եւ Տիանա Ճորտանները, Հայկ Քելեճեանը, Զաքար Ջաղացպանեանը, Յարութ Մեսրոպեանը, Վարուժ եւ Սվետլանա Մինասեանները, Սամուէլ Բալասանեանը: Անոր արդիւնքով, 22 ընտանիքներ այսօր ապահովուած են բնակարաններով:

haystanfund-2Շահառուներն են՝ Կարէն Խաչատրեանի, Յովհաննէս Բադոյեանի, Արսէն Խաչատրեանի, Դաւիթ Յովսեփեանի, Շողիկ Շապոյեանի, Երանուհի Սաֆարեանի, Շողիկ Անտոնեանի, Գոհարիկ Գոմկցեանի, Նաթալիա Ստրուկի, Աննա Մելքոնեանի, Արուսեակ Բարսեղեանի, Ռոզա Էրզրումեանի, Թերեզա Պետիշովայի, Անահիտ Մարտիրոսեանի, Ռիմա Պետրոսեանի, Այտա Ստեփանեանի, Լիանա Մուրատեանի, Սթելլա Մկրտչեանի, Ժենիա Գրիգորեանի, Ֆենիա Սահակեանի, Ռուզաննա Եղոյեանի, Նելլի Չախչեանի ընտանիքները: Եւս մէկ անօթեւան ընտանիք մօտօրէն բնակարան կ′ունենայ: Յաջորդ հեռուստամարաթոնը նախատեսուած է կազմակերպել 2017-ին:

Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինն ալ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնի միջոցաւ երրորդ տարին է, իր հանգանակութիւնները կ′ուղղէ այս ձեռնարկին: Գերմանահայ համայնքի նուիրաբերած գումարներով մինչ այսօր Գիւմրիի մէջ ձեռք բերուած է 4 բնակարան, որուն շահառուներն են՝ Արթուր Գալստեանի, Անահիտ Սուքիասեանի, Ռուզաննա Եղոյեանի եւ Աննա Սարգսեանի ընտանիքները:

«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի խօսքով՝ այս ձեռնարկին նախապատուութիւնը կը տրուի բազմազաւակ, երիտասարդ եւ ընկերայինօրէն անապահով ընտանիքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment