Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճան կը Փորձէ Ձեռք Բերել Հեռահար Հրթիռային Համակարգեր

Ատրպէյճան կը Փորձէ Ձեռք Բերել Հեռահար Հրթիռային Համակարգեր

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ինչպէս կը գրէ ռուսաստանեան «Նեզավիսիմաեա Կազեթան», բուռն բանակցութիւններ կը վարէ Փաքիստանի հետ 500 քիլոմեթր հեռահարութեամբ հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու շուրջ:

Ատրպէյճանի հրթիռային եւ հրետանային զօրքերու հրամանատար, կեներալ-մայոր Զահիտ Հուսեյնովը յայտարարած էր, թէ «երկրի յուսալի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ձեռք բերել 200, 300 եւ 500 քիլոմեթր հեռահարութեամբ օպերատիւ-տակտիկական հրթիռներ»՝ ընդգծելով, «Սա ամենեւին էլ չի նշանակում, որ հակառակորդի յարձակումները կասեցնելու համար անհրաժեշտ համակարգեր Ատրպէյճանն այսօր չունի: Ատրպէյճանն ունի բաւականաչափ սպառազինութիւն հակառակորդի ցանկացած օպյեքթ խոցելու համար»:

Նոր հրթիռներ ձեռք բերելը Ատրպէյճանի համար արդիական դարձած է Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած զօրահանդէսին ցուցադրուած ռուսաստանեան գերժամանակակից «Իսկանդեր» հրթիռային համակարգը:

Փաքիստանի հետ սպառազինութեան համատեղ արտադրութեան սկսելու մտադրութեան մասին պաշտօնական Պաքուն յայտարարած էր անցեալ տարուան Մարտին, երբ Ատրպէյճան ժամանած էր Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆը: Խօսքը Ատրպէյճանի ռազմաարդիւնաբերական ոլորտ կէս միլիարդ տոլար ներդնելու Փաքիստանի մտադրութեան մասին է:

Փաքիստանի վարչապետը այդ այցի ընթացքին յայտարարած է, «Մենք կողմ ենք Ատրպէյճանի բոլոր գրաւեալ տարածքների, այդ թուում նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի, ազատագրմանը»:

Ռազմական նոր արուեստագիտութիւններ ձեռք բերելու շուրջ բանակցութիւններ Ատրպէյճանը այսօր կը վարէ նաեւ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ: Մասնաւորապէս, Իսրայէլէն, ըստ «Նեզավիսիմաեա Կազեթայի», Ատրպէյճանը մտադիր է ձեռք բերել հակա-օդային պաշտպանութեան համակարգ:

Փորձագէտներու կարծիքով, «Իսկանդեր» գերժամանակակից համակարգը այսօր դեռ անհասանելի է յայտնի բոլոր հակահրթիռային համակարգերու համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment