Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրանուշ Յակոբեան «Վարչապետի Յայտարարութիւններէն Յետոյ Սփիւռքահայերը կը Ցանկան Ներդրումներ Ընել Հայաստանի Մէջ»

Հրանուշ Յակոբեան «Վարչապետի Յայտարարութիւններէն Յետոյ Սփիւռքահայերը կը Ցանկան Ներդրումներ Ընել Հայաստանի Մէջ»

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յայտարարութիւններէն յետոյ աւելցած է Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու ցանկութիւն ունեցող սփիւռքահայերու թիւը, ըսաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

«Իմ վերջին շփումների արդիւնքում արձանագրել եմ, որ շատերի մօտ իրօք կայ վստահութեան աճ, կայ ոգեւորութիւն, մտածում են գալ ու այստեղ ներդրումներն ակտիւացնել: Տայ Աստուած, որ դա իրականանայ»,- ըսաւ նախարարը: Ան աւելցուց, որ վարչապետի յայտարարութիւնները, պահանջներն ու ծրագրերը ճշգրտութիւն մտցուցած են եւ այդ յայտարարութիւններէն յետոյ աշխուժութիւն նկատուած է:

Հրանուշ Յակոբեան յայտնեց, թէ այսօր անոնք կը տեսնեն հարցադրումներ,  օրէնքներու, կարգերու, մօտեցումներու փոփոխութիւն, իսկ այդ իրենց աւելի սրտամօտ է:

Հրանուշ Յակոբեանը նաեւ աւելցուց, որ սփիւռքահայերը կը հետեւին իր կոչին ու գումարներ կը դնեն հայաստանեան դրամատուներուն մէջ: «Դնում են, որովհետեւ իրենք շահ են ստանում, հենց այնպէս չեն դնում: Ժամանակին, երբ յայտնի աղմուկն էր, հենց այդ ժամանակ իրենք արդէն գալիս ու դնում էին, որովհետեւ դա մեծ օգուտ էր»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ իրենք տեղեակ են, որ յատկապէս ԱՄՆ-էն ու Գանատայէն շատերը գումարներ կը դնեն հայաստանեան դրամատուներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment