Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան «Պիտի Շարունակենք Պայքարը

Կարօ Փայլան «Պիտի Շարունակենք Պայքարը

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) անդամ, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը իր կուսակիցներու ձերբակալութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրաւ` յայտնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, իրականացուող գործողութիւնները համարելով «ընդդիմադիր ձայների լռեցում»: Այս մասին

«Ոչ բանտը, ոչ ալ դուրսը չենք յանձնուելու»,- յայտարարեց Փայլան գրառում կատարելով իր դիմատետրի էջին վրայ:

Իշխանութիւններու ձեռնարկած խիստ քայլերու առիթով իր դժգոհութիւնը յայտնեց նաեւ երկրի առաջատար ընդդիմադիր ուժի՝ Ժողովրդա-Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն: Վերջինիս համոզմամբ` ընտրուած պատգամաւորները պէտք է հեռանան միայն ընտրութեան միջոցով, այլապէս կը սպաննուի ժողովրդավարութիւնը:

Աղմկայարոյց ձերբակալութիւններէն յետոյ այսօր Ստամպուլի, Անգարայի, Իզմիրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ ԺԴԿ-ի կողմնակիցները բողոքի ցոյցեր, երթեր ու նստացոյցեր կայացուցին:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր պատգամաւորներու ձերբակալութիւնը յարուցեց նաեւ միջազգային հանրութեան անհանգստութիւնը: Եւրամիութիւնն ու Եւրախորհուրդը «խիստ մտահոգիչ» կ′որակեն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը, իսկ ՄԱԿ-ը կ′ահազանգէ՝ թրքական իշխանութիւնները կրնան հատել թոյլատրելիի սահմանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment