Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Յանձնարարեց Նախապատրաստել Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքի Նախագիծ

Վարչապետը Յանձնարարեց Նախապատրաստել Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքի Նախագիծ

by MassisPost

«Պաշտօնեան պէտք է ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան, եթէ նրա ակտիվների աճը էականօրէն գերազանցում է նրա եկամուտները»,- կառավարութեան նիստի օրակարգին անցնելէ առաջ այսօր յայտարարեց վարչապետ Կարապետեանը՝ հնչեցնելով շարք մը յանձնարարականներ։

Ապօրինի հարստացման դէմ կատարուելիք քայլերը, ըստ վարչապետի, կը բխին կառավարութեան ծրագրէն ու կաշառակերութեան դէմ պայքարելու մասին տրուած խոստումներէն․  «Յանձնարարում եմ ՀՀ արդարադատութեան նախարարին երկշաբաթեայ ժամկէտում նախագիծը ներկայացնել կառավարութեանը: Խօսքը գնում է ապօրինի հարստացման քրէականացման նախագծի մասին: Երկրորդը, ապօրինի հարստացման [քրէականացման] նախագծի հետ անհրաժեշտ է ներկայացնել կանխիկ գործառնութիւնները սահմանափակող օրէնքի նախագիծ: Այսպէս կոչուած կեղծ փոխառութիւնները, կեղծ նուիրատուութիւնները հիմնականում կատարուում են կանխիկ եղանակով, եւ գործընթացը դարձնում են սկզբունքօրէն անվերահսկելի»:

Կարապետեանը անհրաժեշտ կը համարէ նաեւ ընդլայնել ունեցուածքի վերաբերեալ յայտարարագիր ներկայացնող անձանց շրջանակը՝ ըստ այդ պաշտօններու վտանգութեան։

Կիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի ղեկավար Լեւոն Բարսեղեանը կը յիշեցնէ, որ տասնեակ առաջարկներ տարած էին կառավարութիւն, որոնք այդպէս ալ մնացած են թուղթի վրայ: Ներկայացուած առաջարկներէն էին, օրինակ, փոխել հակակաշառակեր յանձնաժողովի կազմը՝ այնտեղ ընդգրկելով հանրութեան համար վստահելի անձանց, ստեղծել կաշառակերութեան վերաբերեալ յստակ քննչական լիազօրութիւններ ունեցող մարմին, քանի որ, ըստ Բարսեղեանի, կաշառակերութեամբ արդէն թաթխուած իրաւապահները չեն կրնար կատարել այդ գործառոյթը։

Այնուամենայնիւ, անոր կարծիքով, եթէ նոյնիսկ այս կառավարութիւնը փորձէ իսկապէս խօսքէն գործի անցնիլ, հեռու չի կրնար երթալ․ «Առաջին, երկրորդ կոշտ շարժումից յետոյ ասելու են՝ մի րոպէ, եղբա՛յր, էս ախպերը մեզ պաշտպանել է ընտրակեղծիքներ անելիս, ցուցարար ծեծելիս, էս մարդուն դու էս ի՞նչ ես անում, մի քիչ մեղմ վերաբերուէք․․․ Լաւագոյն դէպքում կարող են ինչ-ինչ պաշտօնեաների պաշտօնանկումներ լինել, եւ վերջ»:

Կաշառակերութեան վերաբերեալ տասնեակ հետաքննութիւններ իրականացուցած «Հետք» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էտիկ Պաղտասարեանը եւս մեծ յոյսեր չի կապէր նոր կառավարութեան վճռականութեան հետ: Ան յիշեցուց, որ 2012-ին կաշառակերութեան դէմ պայքարի մասին Սերժ Սարգսեանը կը խօսէր, 2015-ին՝ Յովիկ Աբրահամեանը, հիմա ալ՝ Կարէն Կարապետեանը։

Էտիկ Պաղտասարեանը նկատեց, որ վարչապետի այսօր հնչեցուցած յանձնարարութիւններուն մէջ ոչինչ չկար պաշտօնեաներու արտասահման կուտակած ունեցուածքը յայտարարագրելու մասին, ինչպէս նաեւ կեղծ յայտարարագիր ներկայացուցած պաշտօնեաներուն պատժելու մասին։

Թէեւ օրէնսդրական փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են, այնուամենայնիւ, ըստ անոր, եթէ եղած օրէնքները այս տեսքով գործերուն, Հայաստանի մէջ այսօր կաշառակերութիւնը այսպիսի խոր արմատներ չէր ունենար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment