Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած են Քրտամէտ HDP Կուսակցութեան Ղեկավարները

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած են Քրտամէտ HDP Կուսակցութեան Ղեկավարները

by MassisPost

Այսօր արեւածագին քրտամէտ HDP կուսակցութեան 11 անդամներ ձերբակալուած են: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ ձերբակալուած են HDP-ի համանախագահներ` Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշը, Վիկէն Եուքսէկտաղը եւ ինը այլ պատգամաւորներ: Իշխանամէտ «Տէյլի  Սապահ»ը այս մասին լուր մը հրապարակելով   գրած է, թէ քիւրտ գործիչերը  ձերբակալուած են  PKK  խմբաւորման հետ կապ մը ունենալու նախնական մեղադրանքով: Իր կարգին Տէմիրթաշ  Twitter-եան  գրառում մը ընելով գրած է, թէ իրեն  ձերբակալած են  խուզարկելէ   ետք Տիարպէքիրի իր  բնակարանը:

«Արեւելք» կայքէջը այս առումով կապ հաստատած է Պոլսոյ իր աղբիւրին հետ, որուն փոխանցմամբ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի անունը չկայ ձերբակալեալներուն մէջ: Նշենք, որ այս մասին նոյնպէս գրառում կատարած է Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս եւ Փայլանի օգնականներէն  Թամար Նալճը:   Իր կարգին HDP կուսակցութիւնը Twitter–եան իր էջով  միջազգային  հանրութիւնէն պահանջած է միջամտել, տեղի ունեցածը համարելով անընդունելի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment