Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպայի Դռները Լայնօրէն Բաց են Հայաստանի Առջեւ, Պելճիքայի Խորհրդարանի Նախագահ

Եւրոպայի Դռները Լայնօրէն Բաց են Հայաստանի Առջեւ, Պելճիքայի Խորհրդարանի Նախագահ

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը ընդունեց պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Պելճիքայի Թագաւորութեան Խորհրդարանի նախագահ Քրիստին Դըֆրեյնին:

Վարչապետը ողջունեց տիկին Դըֆրեյնի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը մեր երկիր եւ վստահութիւն յայտնեց, որ այն կը նպաստէ հայ-Պելճիքական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման: Կարէն Կարապետեանը ընդգծեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է աշխուժացնելու Պելճիքայի հետ քաղաքական երկխօսութիւնը, առաւել բազմաբնոյթ դարձնելու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները եւ խորացնելու համագործակցութիւնը կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Վարչապետը ընդգծեց, որ յառաջիկային կառավարութիւնը տարբեր  խողովակներով, այդ կարգին՝ դեսպանութիւններու միջոցով միջազգային գործընկերներուն կը ներկայացնէ ներդրումային ծրագրերու փաթեթ եւ աւելցուց, որ գործարքային կապերու ընդլայնման գործին կը կարեւորէ նաեւ «Արմենիա-Վալոնիա Էքսպորտ» գործակալութեան եւ հայ-Պելճիքական առեւտրային պալատի գործունէութիւնը: Կարէն Կարապետեանը բարձր գնահատեց Պելճիքայի կողմէ ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ մասնագիտական եւ գիտարուեստական օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ ժամանակակից Ուռուցքա­բա­նութեան գերազանցութեան կեդրոնի ստեղծման գործին, որ կը սպա­սար­կէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ տարածաշրջանի բնակչութեան։

Դըֆրեյնն իր երկրի աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական միութիւն կապերու ընդլայնման գործին եւ ընդգծեց, որ Եւրոպայի դռները լայնօրէն բաց են ՀՀ-ի հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման համար:

Զրուցակիցները կարեւորեցին «Brussels Airlines» օդանաւային ընկերութեան մուտքը հայաստանեան շուկայ եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ այն կը նպաստէ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման ու զբօսաշրջութեան զարգացման:

Կարէն Կարապետեանը եւ Քրիստին Դըֆրեյնն անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:

Կարէն Կարապետեանը բարձր գնա­հատեց այն փաստը, որ 1998-ին Պելճիքայի Խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճա­նաչման բանաձեւը եւ աւելցուց, որ 2015-ին ներկայա­ցուցիչներու պալատի կողմէ ընդունուած բանաձեւով ամբողջացած է Պելճիքայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։

Տիկին Դըֆրեյնն ընդգծեց, որ Պելճիքան պատրաստ է իր օժանդակութիւնը ցուցաբերել ԼՂ խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն եւ կարեւորեց տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment