Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Նախարարին Համաձայն Ատրպէյճան Լարուածութիւն Կը ՍտեղծԷ Սահմանային Գիծին Վրայ

Պաշտպանութեան Նախարարին Համաձայն Ատրպէյճան Լարուածութիւն Կը ՍտեղծԷ Սահմանային Գիծին Վրայ

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Նոյեմբեր 1-ին, Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս   հանդիպում ունեցաւ  ԵԱՀԿ  գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուց  հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, ընդգծելով, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճան պարբերաբար լարուածութիւն կը ստեղծէ շփման գիծին վրայ: Նախարարը յայտնեց, որ կրակոցներու ե°ւ քանակը եւ  կիրառուող զէնքերու տրամաչափը բարձրացած է:

Ըստ նախարար Սարգսեանի, այս  սադրանքներուն Հայաստանի զինուած ուժերը կը պատասխանեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային‘ հաւատարիմ մնալով որդեգրած զսպման մարտավարութեան:

Դեսպան Կասպրչիկ իր հերթին նշեց, որ ԵԱՀԿ անձնական ներկայացուցչի գրասենեակը շարունակական աշխատանքներ կ’իրականացնէ, շփման գիծին վրայ լարուածութեան նուազման նպատակով եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային  կը  յաջողուի առաջընթաց  արձանագրել այս  ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment