Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հարցով Նոր Թեժացումներ Չեն Սպասուիր

Արցախի Հարցով Նոր Թեժացումներ Չեն Սպասուիր

by MassisPost

Սագօ Արեան

Առաջին անգամը չէ, որ ԵԱՀԿ  Մինսքեան  խումբի ամերիկացի նախագահը «սառը ցնցուղ»ի դեր կը կատարէ:  Ճէյմս Ուրորլիք,   որ անցնող օրերուն Երեւան  կը գտնուէր յայտարարած է, թէ երկու հակամարտող կողմերը  (Հայաստան եւ Ազրպէյճան)  պէտք է մէկդի դնեն  զիրար մեղադրելու  մօտեցումները  եւ  …  նային առաջ:

Այսինքն Ուորլիք   «նպատակայարմար»   չի նկատեր   դատապարտել  անցնող Ապրիլին  Պաքուի կողմէ   սկիզբ առած  զինուորական գործողութիւնները, հակառակ անոր,  որ արցախեան  հիմնախնդրին հետ   մօտէն կամ հեռուէն  կապ ունեցող   բոլոր կողմեր  լաւատեղեակ են, որ   ո՞վ   առաջինը սկսաւ այդ աննախընթաց  պատերազմը:

Հայաստանի  իշխանութիւններու սպասումները,  խնդրին  վերաբերեալ առնուազն միջազգային դատապարտում մը լսելու անգամ մը եւս  ջուր  կը դառնան:

Ու անկախ երկու կողմերուն   ունեցած   ծանր մարդկային կորուստներէն    նոյն միջազգային հանրութիւնը    կը յորդորէ «մոռնալ»  եղածը եւ    քայլ մը առջեւ անցնիլ  ու  … նստիլ բանակցութեան  սեղան:

Հայաստանի համար    բոլոր իմաստներով  անդարմանելի այս վէրքը կը խորացնէ վիհը  Ազրպէյճանի հետ     խնդրի   լուծման համար  դրական,  որեւէ տեղաշարժ   ակնկալելու  իմաստով:

Երկու կողմերն  ալ քաջ  գիտեն, որ   այսօր  արցախեան սահմաններուն վրայ եղած   համեմատական անդորրը, օր մը  կրնայ պայթիլ  լուծելու համար հին , բայց մանաւանդ   անցնող ապրիլին գոյացած «չփակուած հաշիւ»ը:

Այդ «հաշիւի տետր»ին մէջ յստակօրէն  գրուած է, որ Պաքու  չի պատրաստուիր     իրական    քայլեր կատարել   խաղաղ  ճանապարհներով լուծում մը գտնելու: Ու աւելին  Ալիեւի  եւ իր իշխանական օղակին համար  «ներքին սպառման» համար դրօշակ  դարձած  Ղարաբաղի հարցը դարձած  է, իր գոյութիւնը ամրացնելու երաշխիք:

Ճիշդ է, որ Պաքուի մէջ եղած   սահմանադրական  փոփոխութիւններու արդիւնքները Ալիեւը  «գոհ ձգելու»  բաւարար    արդիւնքներ ունեցան- բայց  ղարաբաղեան  հարցը կը շարունակէ մնալ հերոսական «թուղթէ սուրեր»  ճօճելու լաւագոյն  «զէնք» մը:

Այս իմաստով ալ երկու  երկիրները ունին հակոտնեայ  մօտեցումներ: Մինչ Հայաստանի համար  սպառազինումը  եւ  սահմանները   պահպանելու դրուածքները    հետեւանք են         Պաքուի «պատերազմասէր» մօտեցումներուն, անդին    նոյն  Պաքուի համար  Ղարաբաղեան   հիմնահարցը դարձած է  նպատակ   ՝   իրենց իշխանութիւնները  ամրացնելու համար:

Արդիւնքը ՝ ապրիլեան  դէպքերուն Ատրպէյճանի ստացած   «ապտակ»ն է, որ   դժբախտաբար տրուեցաւ, ի գին  հարիւրէ  աւելի  հայ նահատակներու  արիւնով:

Վերադառնալով  Ուորլիքի ձեւակերպումներուն յստակ կը դառնայ նաեւ,  որ  միջազգային հանրութեան համար   Ղարաբաղի  հարցին լուծումը ձեռնտու չէ:

Երբ մօտիկ անցեալին  արեւմտամէտ մէկէ աւելի  վերլուծողներ  նման կարծիք կը յայտնէին Մոսկուայի  մասին, այսօր  յստակ է, որ    ոչ միայն Մոսկուա , այլ նաեւ  Ուաշինկթըն    տրամադրուած չեն    այս խնդրին համար լուծման իրական   ճանապարհներ որոնել:

Եթէ Մոսկուայի համար  ղարաբաղեան    հիմնահարցին այս հունին մէջ մնալը երկու  հակառակորդ հարեւաններուն   յաւելեալ զէնքեր  վաճառելու  միջոց է, ապա արեւմուտքին համար ալ հարաւային   Կովկասի մէջ  այս «մարած լաւա»ի  գոյութիւնը կարեւոր միջոց է Մոսկուան  անհանգստացնելու համար:

Ճիշդ է նաեւ,  որ երկու գեր- պետութիւններուն հակամարտութիւնը կը մղուի Միջին Արեւելքի  արիւնոտ «աւազներուն» մէջ սակայն այդ « հակամարտութիւն»ը Կովկաս տանելու  հաւանականութիւնները    դեռ եւս   չեն  սպառած:

Այս ընդհանուր  իրադրութեան  մէջ Հայաստանը ունի  մէկ ընելիք:  Համալրեր  անցնող ապրիլին ի յայտ եկած   բոլոր բացթողումները, զինել բանակը եւ մանաւանդ  օգտուիլ  Արցախի հարցով ստեղծուած  համահայկական  ընդհանուր  տրամադրութիւններէն:

Արցախի մէջ կարեւորագոյն գործեր կան կատարուելիք, որոնց ամէնէն առաջնայինը  Ղարաբաղի բժշկական ոլորտի, հիւանդանոցներու, բժշկական  մարդուժի համալրումն է, որ   պէտք է դառնայ համահայկական   մտահոգութիւններու գլխաւորը:

Այդ   աշխատանքները   քաղաքական  կամք չեն ուզեր, այլ  պէտք ունին   տեսիլքի ու    այդ  տեսիլքը կը  գտնուի   Արցախի կառավարութեան   գրասեղանին վրայ:

Յստակ է նաեւ, որ  սփիւռքի մէջ Արցախի համար այս օրերուն գոյացած     դրական մթնոլորտը   լաւագոյն դրամագլուխ է   կէս մնացած  կամ  սկիզբ  չառած գործերը ճամբայ հանելու:

Վերադառնալով հարցի քաղաքական երեսին պէտք է նաեւ շեշտադրել, որ ներկայ փուլը     «ժամանակ»  շահելու  փուլ մըն  է նկատի առնելով, որ   միջազգային հանրութեան համար Արցախը  հակամարտութիւններու «կարմիր քարտէզ»ին վերադարձնելը պիտանի գործ  չէ, ոչ միայն   Մոսկուայի այլ նաեւ  Միացեալ Նահանգներուն համար:

Այստեղ պէտք է կարեւոր ըմբռնումով յիշատակել Մոսկուա- Անգարա յարաբերութիւններուն մէջ եղած «դրական  տեղաշարժը», որն ամբողջութեան   կը զրկէ  Արցախը    երկու  հզօր տէրութիւններուն համար «նամակատուփ» մը դարձնելու վտանգաւոր դրոյթէն:

Էրտողան-Փութին     նոր հուն   մտած «մասնակի սիրաբանութիւն»ը  կ’արգիլէ մանաւանդ, որ երկու կողմերուն ունեցած  զէնքերուն առաջին փորձարկումներու  դաշտը  ՝ Արցախը դառնայ:

Այստեղ  չպէտք է անտես առնել այն փաստը, որ Անգարա իր պահուածքով «ապերախտ» դաշնակից մը   դարձաւ Պաքուի  համար:

Էրտողանի ու անոր իշխանութեան համար շատ աւելի կարեւոր է  ռուս զբօսաշրջիկներուն ու Մոսկուացի գործաrարներուն դրամական «ներհոսք»ը, քան Պաքուի հետ զինուորական   նոր գործարքներ կնքելը:

Ի վերջոյ պատերազմներու  թիւ մէկ առաջադրանքը տնտեսական  պէտքերու  յագուրդ  տալն  է,   սակայն այսօր  Ռուս- թրքական յարաբերութիւններու «վերաջերմացման» հետ այդ  փաստը մանաւանդ Արցախի  պարագային  կը դադրի   առաջնային իմաստ մը ունենալ:

Չմոռնանք նաեւ, որ Էրտողանի Սէյնթ Փեթերսպուրկ  (9 Օգոստոս)  տուած այցէն ասդին   Մոսկուա  քիւրտերուն հետ այլ լեզու  մը կը խօսի:

Քիչ  չեն այն  վերլուծաբանները , որոնք    ցայսօր «երեւելի» արդիւնքներ կը սպասեն Էրտողան-Փութին    համագործակցութիւնէն:

Այդ   «համաձայնութիւններու»  հիմնական  մասը կը սպասուի Սուրիոյ մէջ, սակայն  ցայսօր   եւ Հալէպի եւ Սուրիա- Թուրքիա սահմանային հատուածներուն մէջ Թուրքիա   «իր երգը կ’երգէ»: Այս առումով սակայն հասկնալու եւ   տեսնելու  համար այդ    հասկացողութիւններու ընդհանուր  պրիսմակը , պէտք է անպայման մտաբերել   թրքական բանակին     սուրիական Ճարապլուս   աւան մուտք գործելու փաստը:

Թրքական ուժեր  օրը ցերեկով հատեցին  Սուրիոյ սահմանները եւ  միջազգային  բոլոր  օրէնքները    խախտելով  յաջողեցան հարուած տալ «քրտական երազ»ի մը, լոր սկսած էր  «թեւեր առնել»:

Այս բոլորը,  անշուշտ  որ կատարուեցան Մոսկուայի «կանաչ լոյս»ով, որուն դիմաց Անգարա  յառաջիկայ օրերուն       «իր  տուրքը»  պիտի տայ  Մոսկուային:

Կայ նաեւ քիւրտերուն հանդէպ «սառը քաղաքականութիւն» մը  կիրառելու Մոսկուայի կեցուածքը, որուն առջեւ   յատկապէս Թուրքիոյ քիւրտերուն համար «արեւոտ օրեր» չեն սպասուիր:

Այս բոլոր տուեալները    աչքի առաջ ունենալէ ետք յստակ կը դառնայ, որ Արցախի «հակամարտութեան  օճախ»ը    մարած   պահելու գործընթացը դեռ  երկար կրնայ   տեւել , առանց սակայն բացառելու,  որ արցախեան սահմաններուն ներկայիս ընթացող  «դասական  հակամարտութեան» վիճակը շարունակէ մնալ տիրական:

Պէտք է հասկնալ, որ Կովկասի մէջ ընթացող գործընթացներուն  եւ Մոսկուա-Անգարա  նոր մերձեցման ֆոնին  անհնար է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը  թեժանայ տագնապի նոր   դուռ դառնալով Մոսկուայի համար:

Հայաստանի համար միջազգային հանրութիւնէն դատապարտում պահանջելու ժամանակները կը պատկանին անցեալին  ու այսօր աւելի քան, որեւէ  ատեն  յստակ է, որ Արցախի անվտանգութիւնը եւ   անոր ապահովութիւնը  կը գտնուին միայն  հայ զինուորին  ձեռքերուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment