Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Յստակօրէն Նուազած է Ռուսաստանի Վարկանիշը՝ Որպէս Բարեկամ Երկիր

Հայաստանի Մէջ Յստակօրէն Նուազած է Ռուսաստանի Վարկանիշը՝ Որպէս Բարեկամ Երկիր

by MassisPost

Հայաստանցիներու շրջանակին մէջ յստակօրէն՝ 17 կէտով նուազած է Ռուսաստանի վարկանիշը, որպէս բարեկամ երկիր։ Այս մասին կը վկայէ Զարգացման եւրասիական դրամատան ամբողջարկութեան հետազօտութիւններու կեդրոնը։

Կեդրոնի փորձագէտները կը վկայեն, որ անցեալ տարիներուն Հայաստանի մէջ, այս չափանիշը ամենաբարձրն էր ԱՊՀ միւս երկիրներու համեմատ՝ 2015-ին՝ 86 տոկոս կը կազմէր, իսկ 2014-ին՝ Ռուսաստանը՝ որպէս բարեկամական երկիր կ′ընկալէր հարցուած հայաստանցիներու շուրջ 87 տոկոսը։

Կեդրոնի հրապարակած փաստաթուղթին մէջ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակցի եւ անվտանգութեան երաշխաւոր համարուող երկրի վարկանիշի անկումը՝ փորձագէտները կը բացատրեն երկու հանգամանքով։ Առաջինը՝ հայաստանցիներուն չէր գոհացուցած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Ռուսաստանի դիրքորոշումը, իսկ երկրորդ պատճառը՝ ելեկտրականութեան սակագնի բարձրացումը, որ հայաստանցիները կրկին կը կապէին հայաստանեան շուկային մէջ կենսուաժակիրներու մատակարարման գերիշխող դիրք ունեցող Ռուսաստանի հետ:

«Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Լաուրա Պաղտասարեան կ′ըսէ, որ չէ կրցած հասկնալ, թէ երբ եղած է այս հարցումը, քանի որ անոր կարծիքով 21 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ «Իսկանդերներու» երթէն յետոյ Ռուսաստանի նկատմամբ վերաբերմունքը ամենայն հաւանականութեամբ բարելաւուեցաւ:

Զարգացման եւրասիական դրամատան ամբողջարկութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի հարցման արդիւնքներուն համաձայն, յետխորհրդային երկիրներէն ամենաբարձր վարկանիշը Ռուսաստանը ունի՝ Ղրղըզիստանի, Տաջիկիստանի, Պելառուսի եւ Ղազախիստանի մէջ. 89-էն մինչեւ 81 տոկոս:

Ըստ որուն՝ ռուսերը նոյն Տաջիկիստանը կամ Ղրղըզիստանը այնքան ալ բարեկամական երկիրներ չեն համարէր, մինչդեռ Հայաստանը բարեկամ երկիրներու ցանկին մէջ 35 տոկոսով զբաղեցուցած է չորրորդ հորիզոնականը՝ զիջելով միայն Պելառուսին, Ղազախիստանին եւ Չինաստանին։

«Կարելի է համարել, որ ապրիլեան իրադարձութիւնները դարձան կուլմինացիոն կէտը, երբ մարդիկ հասկացան, որ պատերազմական իրավիճակներում ոչ մի երկիր չի գալու Հայաստանին օգնելու Ղարաբաղի հարցում», – կը մեկնաբանէ Լաուրա Պաղտասարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment