Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը Արցախի, Հայաստանի եւ Հալէպահայութեան Մասին

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը Արցախի, Հայաստանի եւ Հալէպահայութեան Մասին

by MassisPost

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ-ը) իր Հոկտեմբեր 20-21, 2016-ի Ֆիլատելֆիայի մէջ տեղի ունեցած լիանիստ ժողովին մէջ, ի մէջ այլոց, խորհրդածութեանց առարկայ դարձուց Արցախի եւ Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Հալէպահայութեան փոթորկալի կացութիւնը եւ ըրաւ հետեւեալ երկու յայտարարութիւնները.-

«Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) Հանրապետութիւնը եւ Սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տօնեցին իրենց անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձը:

Պատմական այս նշանակալից հանգրուանին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ հայոց զոյգ հանրապետութիւններուն՝ մաղթելով անոնց նոր նուաճումներով լի ցնծման տարիներ: ՀԱՀԽ-ը միանգամայն կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը նեցուկ կենալու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան պահպանումին եւ բարգաւաճումին»:

ՀԱՀԽ-ը նաեւ խորհրդածութեան նիւթ դարձուց Մերձաւոր Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ գտնուող հայկական գաղութներու անկայուն կացութիւնը, յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող արիւնալի բախումներն ու անոնց հետեւանք եղող մարդկային զոհերն ու նիւթական կորուստները, ինչպէս նաեւ գաղթական հայերու տխուր պարագան, եւ որոշեց հետեւեալը.-

«Աւելի քան հինգ տարիներէ իվեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հալէպահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները մեծ  ցաւ կը պատճառեն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն անդրդուելի յանձնառութիւնն է վերաշինել մեր եկեղեցական եւ մշակութային կառոյցները: Իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիահայութեան արտագաղթին, ՀԱՀԽ-ը  անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը օժանդակելու անոնց, որոնք որոշած են մնալ իրենց բնակած վայրերուն մէջ կամ որոշած են գաղթել Հայաստան:

Մինչ այդ մեր աղօթքը այն է որ Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ տագնապահար Միջին Արեւելքի երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպահայ գաղութի մեր սիրելի հայրենակիցներուն»:

Դիւան Հայ Աւետարանական համաշխարհային Խորհուրդի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment