Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Գերմանիան Չեղեալ Համարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգը Պոլսոյ մէջ

Գերմանիան Չեղեալ Համարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգը Պոլսոյ մէջ

by MassisPost

Գերմանիան չեղեալ համարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Աղէտ» խորագրով համերգը, որ նախատեսուած էր 13 Նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ Գերմանիայի գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ: DPA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Գերմանիայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, թէ Տրէզտէնի սիմֆոնիք նուագախումբի Պոլսոյ համերգը յետաձգուած է, քանի որ հիւպատոսարանի սրահները տուեալ օրը զբաղուած են: Յայտնի չէ, սակայն, միջոցառման իրականացման նոր ամսաթիւը:

Համերգին, որուն պիտի հետեւէր Հայ-թուրք-գերմանական բարեկամական միութեան հիմնադրման արարողութիւնը, հրաւիրուած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ մշակոյթի նախարար Նապի Աւճըն: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեր է, թէ հրաւէրները  ուղարկուած են առանց արտաքին գերատեսչութեան մասնակցութեան:

Վերջին եօթ ամսուայ ընթացքին Անգարան սուր քննադատութիւն կը հնչեցնէր «Աղէտ» նախագիծի վերաբերեալ, որ կը ֆինանսաւորուի Եւրամիութեան եւ Գերմանիոյ  արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Անցած ապրիլին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եւրայանձնաժողովէն պահանջեր էր դադարեցնել «Աղէտ» նախագիծի ֆինանսաւորումը, որ շուրջ 200 հազար եւրո կը կազմէր: Տրէզտէնի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Մարկուս Ռինտթը թրքական իշխանութիւններու այդ քայլը որակած էր որպէս «խօսքի ազատութեան բռնաճնշում»:

Հոկտեմբերի սկզբին ալ Անգարան դադրեցուց իր մասնակցութիւնը «Ստեղծարար Եւրոպա» ծրագիրին, որու ծիրէն ներս Թուրքիան 2014 թուականէն ի վեր տարեկան մի քանի միլիոն եւրո աջակցութիւն կը ստանար մշակութային ծրագիրներ իրականացնելու համար: Որպէս պատճառ նշուած էր «Ստեղծարար Եւրոպա» ծրագիրի կողմէ «Աղէտ» նախագիծի ֆինանսաւորման հանգամանքը:

«Աղէտ» նախագիծը, որ կը միաւորէ հայ, թուրք եւ գերմանացի երաժիշտներու, 2015 թուականի մայիսէն հանդէս կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգաշարով: Նախագիծը կ’աւարտուի 2017 թուականի ապրիլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment