Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Շուտով Կ’իրագործուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Շինութեան Ծրագիրը

Շուտով Կ’իրագործուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Շինութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Շուրջ երեք տարիներ առաջ Լոս Անճելոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման համագաղութային մարմին մը£ Այս համախմբումի նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշել պատշաճ շուքով եւ բարձր մակարդակով£ Սոյն Համահայկական Մարմնին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 կազմակերպութիւններ« Արեւմտեան Ամերիկայի Հայկական չորս յարանուանութիւններու առաջնորդներ« ազգային աւանդական երեք կուսակցութիւնները եւ այլ առաջնահերթ կառոյցներ:

Արդարեւ, վերոյիշեալ մարմինն իր ենթայանձնախումբերով իրականացուց 100 ամեակի հետ առնչուող բազմաբնոյթ միջոցառումներ« որոնք տեղի ունեցան Հարաւային եւ Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ հայաբնակ շրջաններուն մէջ£ Այս բոլորի կիզակէտը հանդիսացաւ Ապրիլի 24ին« Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցած պահանջատէր հայ ժողովուրդի զանգուածային քայլարշաւը« որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 160«000 հայորդիներ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Կեդրոնական Մարմնինէ ծնունդ առաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի շինութեան յանձնախումբը« որուն մաս կը կազմեն ազգային ինը կազմակերպութիւններ£ Այս մարմնի առաքելութիւնն էր իրականութիւն դարձնել Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի շինութիւնը Կլենտէյլ քաղաքի Կեդրոնական պողոտային վրայ« քաղաքի հասարակութիւնը ծանօթացնելու ամերիկահայութեան պատմութեան:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինութեան յանձնախումբի հետեւողական բծախնդիր աշխատանքներն ու ծրագրային մասնագիտական նախապատրաստութիւնները առնչութիւն ունէին նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի պատկան մարմիններուն ու Սաքրամենթոյի նահանգային իշխանութիւններուն հետ£ Ի տես այս բոլոր նախադրեալներուն եւ պատմա-մշակութիայն տեսանկիւնէն այս հարցի կարեւորութեան Գալիֆորնիոյ կառավարութիւնը որոշեց մէկ միլիոն տոլար յատկացնել սոյն կենսական հարցի իրագործման« որպէս սկզբնական աջակցութիւն:

Թանգարնաի ծրագրին շուրջ միասնաբար գործող ինը կազմակերպութիւնները քանի մը ամիս առաջ« Կլենտէյլի «Պրէնտ » գրադարանին մէջ, հովանաւորեցին ցուցահանդէս մը, առիթ տալով հազարաւոր ամերիկացիներուն եւ մեր նորահաս սերունդին ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան:

Արդարեւ, անցեալ Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի հայ գաղութի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթք կատարուեցաւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի ծրագրի իրագործումին համար:

Յառաջիկայ շաբաթներուն մեր գաղութի հասարակական բոլոր կազմակերպութիւններն ու տեղեկատուական միջոցներ (մամուլ եւ հեռուստատեսութիւն) լուսաբանութիւններ պիտի տան այս պատուաբեր ձեռնարկի իրագործման շուրջ:

Նշենք նաեւ որ նախատեսուած ծրագիրը կոթողային է եւ անոր գործադրութիւնը վստահուած է 26 ճարտարապետական ընկերութիւններու մէջէն ընտրուած «Ալաջաջեան-Մարկոսի» ընկերութեան ճարտարապետներուն:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ղեկավարութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ ինը ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններէն.
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի (ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ)
Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Հիւսիսային ԱՄՆի Արեւտմեան Թեմ)
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հայկական Մշակութային Հիմնարկութիւն
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
Նոր Օր Բարեգործական Հիմնարկութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջան
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն – Արեւմտեան Շրջան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment