Home ՍՓԻՒՌՔ Մոնթեվիտէոյի Մէջ Ցեղասպանութենէն Վերապրող «Մարթին Տէրեան»ի Անուան Հրապարակ Կոչուած է

Մոնթեվիտէոյի Մէջ Ցեղասպանութենէն Վերապրող «Մարթին Տէրեան»ի Անուան Հրապարակ Կոչուած է

by MassisPost

Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Պենեարոլ թաղամասի բնակիչներուն խնդրանքով 21 Հոկտեմբերին, թաղամասի գլխաւոր հրապարակներէն մէկը անուանակոչուած է Մարթին Տէրեանի անունով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներէն էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արաքս» ռատիոկայանը։

Մարթին Տէրեան ծնած է 1913 թուականին, Մարաշ, մահացած` 2006 թուականին Մոնթեվիտէօ: Ցեղասպանութենէն փրկուելով եւ հաստատուելով Ուրուկուէյ` Պենեարոլ թաղամասին մէջ հիմնած է խանութ, որ կ՛աշխատի 40 տարիէ ի վեր: Տէրեանն ու իր տիկինը մշտապէս օգնութեան ձեռք մեկնած են թաղամասի չքաւոր երեխաներուն` տարրական սնունդ հայթայթելով անոնց համար:

Հրապարակի բացման արարողութեան նշուած է, որ Պենեարոլի բնակիչները չեն կրնար մոռնալ այդ օգնութիւնը, իսկ հրապարակի անուանափոխումով՝ անոնք վառ կը պահեն Մարթին Տէրեանի յիշատակը: Մարթին Տէրեանը 90-ականներուն ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր: Անոր վկայութիւններով՝ ստեղծուած է փաստավաւերագրական ֆիլմ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment