Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՏԵՍԱԿԷՏ Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ի Հայ Համայնքը Ազդեցիկ է Իսկ Ռուսաստանի Հայ Համայնքը՝ Ոչ

Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ի Հայ Համայնքը Ազդեցիկ է Իսկ Ռուսաստանի Հայ Համայնքը՝ Ոչ

by MassisPost

Թէեւ հայերը Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան բաւականին փոքր տոկոսը կը կազմեն, ԱՄՆ-ի հայ համայնքը երկրի ամենազդեցիկ համայնքներէն մէկն է, կը գրէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ մէջ, ուր ռուսական իշխանութիւններուն պնդմամբ երկու միլիոնէն աւելի հայ կը բնակի, տեղւոյն հայ համայնքը անկազմակերպ է եւ թոյլ:

Հիմնական պատճառներէն մէկը երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակն է, կ′ըսէ վերլուծաբան Արմէն Խարազեանը. «Եթէ պետութեան մէջ յարգուում են մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, եթէ կայ դրանց գործադրման եւ դրանց պաշտպանութեան ստեղծուած եւ կանոնակարգուած մեխանիզմներ, ապա համայնքն ունի ինքնաարտայայտուելու բաւականաչափ ազատութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու շուրջ 700-հազարանոց հայ համայնքը կը կազմէ ԱՄՆ-ի բնակչութեան ընդամէնը 0,4 տոկոսը, սակայն, ճանչցուած է առաւել ազդեցիկ համայնքներէն մէկը: Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ, ուր Վլատիմիր Փութինի պնդմամբ աւելի շատ հայ կը բնակի քան Հայաստանի մէջ, հայերը կը կազմեն Ռուսաստանի բնակչութեան շուրջ երկու տոկոսը, սակայն, հայ համայնքի ազդեցութիւնը Մոսկուայի վրայ չի զգացուիր:

ԱՄՆ-ի հայ համայնքը անընդհատ ուշադրութեան կեդրոն կը պահէ երկրի գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու աշխատանքը, անհրաժեշտութեան պարագային պահանջներ ներկայացնելով սեփական իշխանութիւններուն կամ քննադատելով զանոնք, կը նշէ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունին. «Մենք հրապարակայնօրէն քննադատում ենք իշխանութիւններին, երբ դա տեղին է, եւ շարունակում ենք քննադատել այնքան ժամանակ, մինչեւ նրանք անեն այն ինչ ճիշդ է»:

Միացեալ Նահանգներուն մէջ ազգային համայնքները կը դիտարկեն այլ կերպ, կը նշէ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչ Մոնա Եակուպեանը. «Մենք գնալով աւելի ենք համոզուում, որ ազգային համայնքները երկրի զարգացման կարեւորագոյն ներուժ են հանդիսանում»:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հայ համայնքին, ան զրկուած է իր պահանջները բարձրաձայնելու հնարաւորութենէն նոյնքան, որքան ՌԴ միւս քաղաքացիները, կը նշէ վերլուծաբանը:

«Ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպէս տուեալ երկրի հասարակութիւն մնացած բոլոր խաւերը, զրկուած են ինքնուրոյն քաղաքական ակտիվիզմ դրսեւորելու հնարաւորութիւնից, չեն կարողանում ինքնակազմակերպուել եւ լսելի դարձնել իրենց ձայնը», – կը նշէ Արմէն Խարազեանը:

Յատկանշական է, որ երբ ապրիլի քառօրեայ պատերազմի օրերուն, Հայաստանի մէջ ցոյցեր կը կազմակերպուէին, պահանջելով Ռուսաստանէն դադրեցնել զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին, նման ցոյցեր տեղի չունեցան ՌԴ տարածքին: Ռուսաստանի երկուք ու կէս միլիոնանոց հայ համայնքի լռութիւնը զարմացուց նաեւ որոշ յայտնի հայ գործիչներու, յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ բաւականին փոքրաթիւ Իսրայէլի հայ համայնքը ցոյց կազմակերպած էր, պահանջելով Իսրայէլի իշխանութիւններէն դադրեցնել զէնքի վաճառքը ատրպէյճանական կողմին: Այս կապակցութեամբ յատկանշական է, որ երբ 2012 թուականին Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը փորձած էր թոյլատրել ամերիկեան զէնք արտադրողներուն Ատրպէյճանին որոշ ռազմական սարքաւորումներ վաճառել, ԱՄՆ-ի հայ համայնքը անմիջապէս բարձրացուց բողոքի ձայնը եւ հասաւ Ատրպէյճանին ամերիկեան զէնքի վաճառքը արգիլող որոշման պահպանման:

Համայնքներու ազդեցութեան տարբեր չափի մասին խօսելու ատեն, անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ անոնց ստեղծման պատմութիւնը, կը նշէ Արմէն Խարազեանը.

Միեւնոյն ժամանակ, փորձագէտներ կ′ընդգծեն, որ Մոսկուան ոչ միայն թոյլ չի տար իր տարածքը բնակող ազգային համայնքներուն ինքնակազմակերպուիլ եւ սեփական ձայնը լսելի դարձնել, այլեւ կը փորձէ օգտագործել այդ համայնքները՝ անոնց պատմական հայրենիքի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով.

Այդպիսով, Մոսկուան կը փորձէ խառնուիլ Խորհրդային Միութեան նախկին անդամներու, իսկ այժմ՝ անկախ պետութիւններու ներքին քաղաքականութեան մէջ, կ′ընդգծէ «Միջամերիկեան երկխօսութիւն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մանուէլ Օրոզքոն.

Յատկանշական է նաեւ, որ թոյլ չտալով իր տարածքը բնակող ազգային համայնքներուն գլուխ բարձրացնել, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, ինչպէս օրինակ Ուքրանիոյ պարագային, առանց վարանելու պատրաստ է ներքաշուիլ այլ երկրներու ներքին հարցերուն մէջ՝ որպէս լծակ օգտագործելով այդ երկրներուն մէջ բնակող ռուս համայնքները, կ′ընդգծեն փորձագէտները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment