Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ինքնավար Հանրապետութեան Կարգավիճակը՝ Ալիեւի «Առաւելագոյն Զիջում»

Ինքնավար Հանրապետութեան Կարգավիճակը՝ Ալիեւի «Առաւելագոյն Զիջում»

by MassisPost

Ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակն է առաւելագոյն փոխզիջումը Ղարաբաղի հարցով, որուն պատրաստ է այսօր երթալ Ատրպէյճանը: Այս մասին յայտարարեց երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը ռուսական «Նովոստի» լրատուական գործակալութեան տուած ծաւալուն հարցազրոյցին ընթացքին, որուն մէջ անդրադարձաւ Արեւմուտքի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, իր անձնական յարաբերութիւններուն Փութինի հետ եւ, իհարկէ, խօսեցաւ Ղարաբաղի մասին, մասնաւորապէս՝ ներկայացուց, թէ ինչ ըսել է փոխզիջում Պաքուի համար։

«Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չի քննարկուում եւ չի կարող քննարկման առարկայ դառնալ, մենք չենք համաձայնի տրամադրել Ղարաբաղին անկախ կարգավիճակ, եւ հայկական կողմը սա շատ լաւ գիտի։ Սակայն խելացի փոխզիջում հնարաւոր է՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, կենսունակութեան, ինքնավարութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ներդրումային ծրագրերի իրականացում Ղարաբաղում։ Ինչպէս նաև ազգերի խաղաղ գոյատեւումն այս տարածքում մի պայմանով՝ որ Հայաստանը ազատի Ղարաբաղի շուրջ շրջանները»,- ըսաւ Ալիեւը:

Անոր պնդմամբ՝ «առանց Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման այդ տարածաշրջանը, այսինքն՝ Ղարաբաղը, նորմալ չի զարգանայ»։

Հայտար Ալիեւի որդին աւելցուց՝ կրնայ փոխզիջում ըլլալ տեղական ինքնակառավարման, ապագային՝ Լեռնային Ղարաբաղին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ տրամադրելու տեսքով, սակայն նախեւառաջ հայկական զօրքերը պէտք է դուրս գան Ղարաբաղի շուրջ շրջաններէն։ Ատրպէյճանի նախագահը հերթական անգամ յայտարարած է, թէ բանակցութիւնները կը դոփեն տեղւոյն հայկական կողմի ոչ-կառուցողական դիրքորոշման պատճառով։

Ալիեւը անդրադարձած է նաեւ Ճօն Քերրիի յայտնի յայտարարութեան , որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարը ըսած էր, որ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման ժամանակը դեռ չէ եկած, եւ որ ղարաբաղեան խնդիրը աւելի բարդ խնդիր է, քան նոյնիսկ պաղեստինա-իսրայէլական խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահի պնդմամբ՝ Քերրիի այս յայտարարութիւնը ամբողջովին կը հակասէ ԱՄՆ նախագահի դիրքորոշման եւ այս յայտարարութեամբ Քերրին հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները երկարաձգելու ազդանշան կ′ուղարկէ Հայաստանին։

Անդրադառնալով բանակի զինման հարցին՝ Իլհամ Ալիեւը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը զէնք կը գնէ շարք մը պետութիւններէ՝ Թուրքիայէն, Պելառուսիայէն, Իրանէն, Իսրայէլէն, նոր պայմանագրեր կնքած է նաեւ Փաքիստանի հետ, սակայն հիմնական գործընկերը Ռուսիան է, որուն հետ Ատրպէյճանը վերջին տարիներուն այս բնագաւառին շուրջ հինգ միլիար տոլարի պայմանագրեր կնքած է։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւը պնդեց, թէ Արեւմուտքը կը փորձէ խառնուիլ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն՝ աջակցելով ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, մինչդեռ, Ատրպէյճանի նախագահի հաւաստմամբ, իր երկրին մէջ այսօր չկայ լուրջ ընդդիմութիւն, եւ իշխանութիւնը կը վայելէ բնակչութեան լիակատար աջակցութիւնը։

Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու առնչութեամբ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարեց՝ որ այնպիսի տպաւորութիւն ունի, որ երրորդ ուժերն են մեղաւոր անոնց վատթարացման համար։ Ան նաեւ չէ հերքած իր դերակատարութիւնը Փութին-Էրտողան յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով։

Եւրասիական միութեան իր երկրի հնարաւոր անդամակցութեան մասին Ալիեւ փաստօրէն հաստատեց, որ հարցը օրակարգի վրայ է եւ կը քննարկուի ոչ միայն փորձագիտական մակարդակով։

Ալիեւը խօսեցաւ նաեւ Ռուսիա-Իրան-Ատրպէյճան եռանկիւնի մասին՝ նկատելով, որ այս ռազմավարական միութիւնը արդէն իրականութիւն է եւ լուրջ տարածաշրջանային գործօն։

Մեկնաբանելով ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի վերոյիշեալ յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի արտգործնախարարութեան մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեանը ըսաւ․- «Աւելի լաւ կը լինէր, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը ինքնախաբէութեամբ չզբաղուէր եւ թոզ չփչէր ազրպէյճանական հասարակութեան աչքերին։ Մէկ շաբաթ առաջ Ատրպէյճանի ղեկավարը արդէն հրապարակաւ խոստովանել էր բանակցութիւնների իրական բովանդակութեան մասին՝ նշելով, որ Պաքուին հորդորում են ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»,- շեշտեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment