Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին՝ Ղարաբաղեան Խնդիրը Պէտք է Կարգաւորուի Երկկողմ Փոխզիջումներով

Փութին՝ Ղարաբաղեան Խնդիրը Պէտք է Կարգաւորուի Երկկողմ Փոխզիջումներով

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր  Փութինը յայտարարեց, որ ղարաբաղեան խնդիրը պէտք է կարգաւորուի երկկողմ փոխզիջումներով։

Անդրադառնալով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)՝ Վլատիմիր Փութինը ըսաւ. – «Ի հարկէ, մենք պէտք է ինչ-որ կերպ արձագանքենք այն ամէնին, ինչ կատարուում է մեր կողքին, սակայն, պէտք է ձգտենք, որպէսզի անցեալից մեզ բաժին հասած խնդիրները կարգաւորուէր խաղաղ ճանապարհով ու փոխզիջումներով, այս ենթատեքստում էլ հենց քննարկուել է ղարաբաղեան խնդիրը»:

Ռուսիոյ նախագահը միաժամանակ ընդգծեց, որ Ռուսիոյ համար կարեւոր չէ՝ արդեօ՞ք նախկին Խորհրդային Միութեան այս կամ այն երկիրը ՀԱՊԿ անդամ է, թէ ոչ:

«Մեզ համար կարեւորն այն է, որ մենք բոլոր այդ պետութիւնների հետ ունենք յատուկ, պատմական յարաբերութիւններ, որոնք շատ աւելի սերտ ու խորն են, քան յարաբերութիւնները ՆԱՏՕ-ի անդամ երկրների միջեւ»,- ըսաւ Պութինը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment