Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Սենատը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Սենատը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

by MassisPost

Ֆրանսայի Սենատը Հոկտեմբեր 14-ին,  կայացած քննարկման  եւ  քուէարկութեան  իբր  արդիւնք ընդունեց  Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծին կողմ   քուէարկած է  156, դէմ` 146 պատգամաւոր:

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորները,  Յուլիսին միաձայն կողմ քուէարկած են  «Հաւասարութիւն եւ  քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործած բոլոր  յանցագործութիւնները, այդ  կարգին ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու  եւ  հերքելու համար:

Եղած  են պատգամաւորներ, որոնք  կը  կարծէին, որ ընդհանուր օրէնքէն  պէտք է բեկանուի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթը, սակայն հայկական համայնքը աշխատանք տարաւ   եւ  հասաւ  անոր , որ Սենատի քննարկման ներկայացուի նաեւ  այն տարբերակը, որ ամռան ընդունուած  էր Ստորին պալատին մէջ : Այն է` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող դրոյթը ներառուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment