Home ՍՓԻՒՌՔ «Կը նախընտրեն Մնալ Հալէպ, Քան Հայաստան Գալ»

«Կը նախընտրեն Մնալ Հալէպ, Քան Հայաստան Գալ»

by MassisPost

Հալէպահայերը՝ Հայաստանին շատ աւելի մեծ յոյսեր կը կապէին, սակայն յետոյ պարզ դարձաւ, որ ՀՀ-ի մէջ գործ գտնելը բաւականին դժուար է. այսօր յայտարարեց գրող-հրապարակախօս Յակոբ Միքայէլեանը։

Ինչ որ զարմացուցած է սուրիահայերուն, որոնք եկած էին Հայաստան՝ մշտական բնակութեան։ Երեւանի մէջ ահագին դատարկ շէնքեր կան կառուցուած, սակայն ինչո՞ւ անոնք չեն յատկացուիր փախստականներուն, որ կարողանան ոտքի կանգնիլ: Իբր արդիւնք մարդիկ սկսած են յուսահատիլ, որ Հայաստանը իրենց համար ոչինչ չի կրնար ընել:

Միւս բանախօսը՝ ֆեյսպուքեան «Հալէպահայեր» էջի համակարգող Սօսի Միշոյեանը, նշեց, որ 2014-ին դուրս եկած է Հալէպէն, երբ Քէսապի դէպքերը եղան. «Երէկ կը խօսէի Հալէպ մնացած ընկերուհիիս հետ, ան կ′ըսէ, Սօսի, քու եղած օրերդ փառքի օրեր էին, հիմա հալէպահայերը յուսահատ են, կը սպասեն, թէ մահուան կարգը երբ պիտի գայ, քանի որ նիւթապէս ապահովուած չեն, չեն կրնար Սուրիայէն դուրս գալ: Քաոսային կեանք կը վարեն, նոյնիսկ մահուան կը դատապարտուին, անոնց անհրաժեշտ է մարդասիրական օգնութիւն»:

Ան նշեց նաեւ, որ շատ սուրիահայեր, երբ եկան ՀՀ, հիասթափեցան. «Իսկ Հալէպ մնացածները հիմա կը վախնան գալու՝ գան այստեղ ի՞նչ ընեն: Կ′ուզեմ ըսել, որ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ հայերը կը նախընտրեն Հալէպ մնալ, քան գալ ՀՀ՝ խոստումներն ու իրականութիւնը տարբեր են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment