Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիկ Խաչատրեանը Ազատեցաւ Սիւնիքի Մարզպետի Պաշտօնէն

Սուրիկ Խաչատրեանը Ազատեցաւ Սիւնիքի Մարզպետի Պաշտօնէն

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշում ընդունեց Սուրիկ Խաչատրեանին իր դիմումի համաձայն Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնէն ազատելու մասին եւ այն ուղարկեց Հայաստանի նախագահի հաստատման:

Գործադիրը նիստը սկսաւ տուեալ հարցի քննարկմամբ, թէեւ այն օրակարգի նախագիծի 20-րդն էր:

Երբ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը հետաքրքրուեցաւ նոր մարզպետի նշանակման հարցով, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ տուեալ հարցին կ′անդրադառնան երկրի նախագահի կողմէն որոշումը հաստատելէ յետոյ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, դիմելով Դաւիթ Լոքեանին, ժպտալով ըսաւ․- «Կը շտապէք, պարո՛ն նախարար»: Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարը արձագանքեց, որ այդպիսի «յանձնարարական եղած է»:

Քիչ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանը հաստատեց կառավարութեան որոշումը, եւ գործադիրը որոշում կայացուց Վահէ Յակոբեանին Սիւնիքի մարզպետ նշանակելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment