Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վանաձորի Մէջ Դաժան Ծեծի Ենթարկուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդը

Վանաձորի Մէջ Դաժան Ծեծի Ենթարկուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդը

by MassisPost

Ոստիկանութիւնը, Երեւանի մէջ, յայտնաբերեց եւ բերման ենթարկեց «Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութեան (ՀՎԿ) կողմէ առաջադրուած Վանաձորի քաղաքապետի թեկնածու Արկատի Փելեշեանին, որ կը կասկածուի, թէ անցեալ գիշեր Վանաձորի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ Գրիգորեանին ծեծի ենթարկած է:

Ոստիկանութեան լրատուութեան բաժինէն տեղեկացուցին, որ Փելեշեանը տարուած է քրէական յետախուզութեան գլխաւոր վարչութիւն, աւելի ուշ կը տեղափոխուի Վանաձոր:

ՀՎԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Պիշարեանը կատարուածը ընդամէնը քաշքշուկ որակած է, եւ որեւէ լուրջ հետեւանք չէ ունեցած․- «Եթէ չէ հիւանդանոցագրուած մարդը, մենք տեղեկութիւնը դրած ենք, դուք կրնաք նայիլ, ճշդած ենք հիւանդանոցներէն՝ նման բան չկայ»:

Վանաձորի բժշկական կեդրոնի ջղային համակարգի վիրաբոյժ Կարէն Բեկչեանը լրագրողներուն փոխանցեց, որ Ռաֆայէլ Գրիգորեանը հիւանդանոց դիմած է կէս գիշերին, արտաքին զննութեամբ, բայց չբացառելով, որ Գրիգորեանը գլխուղեղային վնասուածք ստացած է եւ խորհուրդ տուած են անցնիլ լրացուցիչ յետազօտութիւն․- «Առաջարկած են ստացիոնար պայմաններու մէջ ուժաբանական հսկողութիւն, որպէսզի ժխտենք կամ հաստատենք գանկուղեղային վնասուածքը: Ան հրաժարած է»:

Ռաֆայէլ Գրիգորեանը պատմեց, որ Փելեշեանը մօտ տասնհինգ հոգու ուղեկցութեամբ եկած է իր մօտ, խաչակնքած, խնդրած է առանձնանալ ու զրուցել: Առանձնանալէն յետոյ, սակայն, սկսած է հարուածել․- «Արկադին միանգամէն սկսաւ սեռական բնոյթի ամենախայտառակ հայհոյանքները տալ եւ գլխուս խփել: Եւ շատ ուժգին»:

Գրիգորեանը կ′ենթադրէ, որ այս ամէնը քաղաքական ենթատեքստ ունի: Ան ոչ միայն չէ ընտրած Փելեշեանին, այլեւ արգիլած է եկեղեցւոյ տարածքին բաժնել թեկնածուի օրացոյցը․- «Ես իրեն չեմ ընտրած: Ուրիշ կասկած մըն ալ ունիմ, որ իմ թոռս շաբաթ օրը երեկոյեան ինծի հետ խօսեցաւ ընտրութեան մասին, ըսաւ՝ այս օրացոյցերը կրնա՞մ կիրակի օրը բաժնել, ես ըսի՝ կարելի չէ այդ: Այս եկեղեցի է, մենք պաշտամունք կ′ընենք, քաղաքականութիւնը առանձին բան է»:

Արկատի Փելեշեանի երեխաները ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի եղբօր սանիկներն են: Վերջինս լրագրողներու հետ զրոյցին դատապարտեց Փելեշեանի գործողութիւնները․- «Չեմ միջամտած, չեմ ալ միջամտէր իրաւապահներու գործողութիւններուն: Աւելին, անկախ անկէ, իմ սանիկն է, իմ հարազատ եղբայրն է, ես եմ․․․ եթէ պարզուի, որ նման բան իրօք եղած է, ես միշտ երեւոյթներուն ունեցած եմ յստակ դիրքորոշում՝ եթէ նոյնիսկ ես ալ նման քայլ ձեռնարկեմ, այդ դատապարտելի է եւ անընդունելի»:

«Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութիւնը, Հոկտեմբեր 2-ին, կայացած Վանաձորի աւագանիի ընտրութիւններուն աւելի քան հինգ հազար ձայն ստացած էր՝ աւագանիի կազմին մէջ ստանալով հինգ լիազօրագիր: Աւելին՝ կուսակցութեան դիրքորոշումէն կախեալ է, թէ ով կ′ըլլայ Վանաձորի ապագայ քաղաքապետը: Նախապէս, Հեղինէ Պիշարեանը, արձագանքելով «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի նախագահ Էտմոն Մարուքեանի՝ ԲՀԿ-ի եւ ՀՎԿ-ի հետ դաշինք կազմելու առաջարկին, նախապայման հնչեցուցած էր՝ կա՛մ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Լուսաւոր Հայաստանը» կը միանայ «Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութեան, կա՛մ կը պաշտպանէ քաղաքապետի իր թեկնածուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment