Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայոց Ցեղասպանութեան Նախագիծի Պատճառով Թուրքիան չի Համագործակցիր «Ստեղծագործ Եւրոպա» Ծրագրին Հետ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նախագիծի Պատճառով Թուրքիան չի Համագործակցիր «Ստեղծագործ Եւրոպա» Ծրագրին Հետ

by MassisPost

Թուրքիան կը պատրաստուի դուրս գալ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագիրէն, որ Եւրոմիութիւնը կ′իրականացնէ:

Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ տուեալ որոշումը ընդունուած է ի պատասխան Դրեզդենի սիմֆոնիք նուագախումբի համերգներուն, որոնք նուիրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ կ′աջակցէին «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրի շրջանակին: Այս մասին կը յայտնէ Variety-ն:

Եւրայանձնաժողովի ներկայացուցիչը ափսոսանք յայտնեց Թուրքիոյ այս որոշման եւ այն փաստի հետ կապուած, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը զրկուին ԵՄ իրենց գործընկերներու հետ համագործակցելու հնարաւորութենէն:

«Ստեղծագործ Եւրոպան» Եւրոմիութեան ծրագիրն է, որ ուղղուած է մշակութային, ստեղծարար եւ ձայնատեսողական հատուածներու աջակցութեան: 2014 թուականէն մինչեւ 2020 թուականը եւրոպական նախագիծերու աջակցման համար կը նախատեսուի 1,46 մլն եւրօ յատկացնել: Այդ նախագիծերը հնարաւորութիւն կ′ընձեռնեն ճանապարհորդելու, նոր լսարան ձեռք բերելու, գործնական հմտութիւններու փոխանակում կատարելու եւ կատարելագործուելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment