Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինճիրլիք Այցելող Գերմանացի Օրէնսդիրները Վերահաստատած են Իրենց Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ

Ինճիրլիք Այցելող Գերմանացի Օրէնսդիրները Վերահաստատած են Իրենց Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ

by MassisPost

Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայան այցելելէ առաջ գերմանացի խորհրդարանականները վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ:

Բունդեսթագի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի փոխնախագահ Գարլ Լամերսը, Անգարայի մէջ, Գերմանիոյ դեսպանատունը ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ընդգծէր է` Դաշնային խորհրդարանը օրինական իրաւունք ունի տեսակէտ յայտնելու 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Լամերսը շեշտած է, որ ցեղասպանութեան հարցը պէտք չէ օգտագործուի իբրեւ քաղաքական գործիք: «Թուրքիան կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ հարցը պէտք է ուսումնասիրուի պատմաբաններու կողմէ: Մենք ալ որպէս յաւելում կը նշենք, որ խորհրդարանները եւս այս հարցով խօսքի իրաւունք ունին»,- յայտարարեց գերմանացի պատգամաւորը:

Վերջինս Թուրքիա մեկնելէ առաջ գերմանական Zeit Online պարբերականի հետ զրոյցին կրկնած էր գերմանացի պաշտօնեաներու աւելի շուտ հնչեցուցած տեսակէտը, թէ Բունդեսթագի որոշումը իրաւական պարտադիր ուժ չունի: Միեւնոյն ժամանակ, Լամերսը նշեց, որ Դաշնային խորհրդարանը իրաւունք ունի տեսակէտ յայտնել բոլոր կարեւոր հարցերուն շուրջ եւ իր որոշման կը հետեւի կանգնած:

Լամերսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ ընդգրկուած են 7 պատգամաւորներ 4 կուսակցութիւններէ, յառաջիկայ 3 օրերու ընթացքին կ′ըլլայ Ատանա տեղակայուած Ինճիրլիք ռազմակայան, ուր Գերմանիան «Դորնատո» տիպի 6 հետախուզական ինքնաթիռ, վառելիքով վերալիցքաւորող մէկ օդանաւ եւ շուրջ 250 զինծառայող ունի, որոնց միջոցով կ′օժանդակէ Սուրիոյ «Իսլամական պետութեան» դէմ ԱՄՆ-ի գլխաւորած միջազգային դաշնութեան գործողութիւններուն։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ, խորհրդարանականներու այցը մամուլի համար փակ պիտի ընթանայ: Այցին իբր արդիւնք, Դաշնային խորհրդարանը կ′որոշէ Թուրքիոյ մէջ իր զինուորներու ծառայութեան երկարաձգման հարցը:

Գերմանական պատուիրակութեան ղեկավար Գարլ Լամերսը, կարեւորելով իրենց այցը, նշեց, որ այն երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին կը խօսի:

Յիշեցնենք, պաշտօնական Անգարան, վրդովուած Բունդեսթագի մէջ, յուլիս 2-ին, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն, արգիլած էր գերմանացի խորհրդարանականներու մուտքը Ինճիրլիք ռազմակայան` Գերմանիոյ կառավարութենէն պահանջելով հրաժարիլ Բունդեսթագի որոշումէն եւ յստակ յայտարարեց զայն չսատարելու մասին: Գերմանական կողմը մերժած էր այդ պահանջները` պնդելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ոչ մէկ կապ ունի գերմանացի պատգամաւորներու Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու խնդրին հետ:

Սեպտեմբերի սկիզբը, Չինաստան կայացած Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովին տեղի ունեցած Մերքէլ-Էրտողան հանդիպումէն յետոյ թրքական կողմը մեղմեց իր դիրքորոշումը` ի վերջոյ թոյլատրելով գերմանացի խորհրդարանականներու այցը Ինճիրլիք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment