Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Քիմ Քարտաշեանին Պատանդ Վերցուցած Չարագործները Գողացեր են Անոր 10 Միլոն Եւրո Արժողութեան Թանկարժէք Իրերը

Քիմ Քարտաշեանին Պատանդ Վերցուցած Չարագործները Գողացեր են Անոր 10 Միլոն Եւրո Արժողութեան Թանկարժէք Իրերը

by MassisPost

Տարբեր լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ անցած գիշեր, զինուած մարդիկ՝ ոստիկանական համազգեստով Փարիզի մէջ ներխուժած էին Քիմ Քարտաշեանի հիւրանոցի սենեակ ու պատանդ վերցուցած էին զինք։ Քարտաշեաններու ներկայացուցիչ Ինա Թրեսոքիասի խօսքով Քիմը չէ վնասուած, բայց շատ վախցած է։

FranceInfo – կայքին այս մասին յայտնած է, թէ չարագործները գողցեր են Քիմի՝ 10 միլիոն եւրո արժողութեան թանկարժէք իրերը։ Անոր վրայ յարձակողները եղած են հինգ անձեր, բայց միայն երկու անձ հիւրանոցի սենեակ մտած են: Քիմը կը գտնուէր հիւրանոցին մէջ: Գողերը Քիմի թիկնապահին ձեռնաշղթայ անցուցած էին։

Փարիզի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է:

Քանյէ Ուէսթ այդ դէպքի ժամանակ Նիւ Եորքի մէջ համերգ կու տար։ Ականատեսներու խօսքով, համերգի կէսին անոր մօտեցեր է անյայտ մէկը, շշնջացեր է ականջին, եւ Ուէսթը շուտով հեռացեր է բեմէն՝ «Կը ներէք, ընտանեկան արտակարգ իրավիճակ է» ըսելով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment