Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դիտորդական Կազմակերպութիւններու Ընդհանուր Գնահատականը՝ 2 Հոկտեմբերին Կայացած ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասին

Դիտորդական Կազմակերպութիւններու Ընդհանուր Գնահատականը՝ 2 Հոկտեմբերին Կայացած ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասին

by MassisPost

Գիւմրիի տեղական ինքնակառավարման մարմիններ ընտրութիւններու նախնական տուեալներով Գիւմրիի աւագանի 33 «լիազօրագրեր»-ը կը բաժնուին քաղաքական 4 ուժերու միջեւ: Առաւելագոյն 34.7 տոկոս ձայն ստացած է «Բալասանեան» դաշինքը, 21.6 տոկոս ԲՀԿ-ն, 10.6 տոկոս «Հայկական վերածնունդ»-ը եւ 10.5 տոկոս ԳԱԼԱ կուսակցութիւնը:

Անցողիկ համարուող 6 տոկոսի շեմը չէ յաղթահարած 7 ուժ: Թիւ 34 ընտրատարածքային յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Բաղրամեանը փոխանցեց, որ մինչ այս պահը իրենք մօտ մէկ տասնեակ տեղամասերու մէջ վերահաշվարկ անցընելու դիմում-բողոք ստացած են «Բալասանեան» դաշինքէն, «Համախմբում», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Գիւմրեցու ոգի», «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւններէն եւ «Իրազեկ քաղաքացիական միաւորում» հկ-էն: ԳԱԼԱ կուսակցութիւնն ալ չի բացառեց, որ կը բողոքարկեն:

Իշխող Հանրապետականը կը յայտարարէ, որ Գիւմրիի իրենց թեկնածուն յաղթած է, եւ որեւէ ուժի հետ դաշնակցութիւն կազմելու անհրաժեշտութիւն չ′ունի: Այն բանաձեւը, որ կ′առաջարկուի Ընտրական օրէնսգրքով՝ լիազօրագրերու բաշխումը ըստ ստացած քուէներու, ԳԱԼԱ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Բարսեղեանը բազմապատկած, բաժնած ու ստացած է, որ «Բալասանեան» դաշինքը ոչ թէ հանրապետականներու յայտարարած 17 լիազօրագիրնէ ստանալու այլ 15: Հարց կու տայ՝ ո՞ր քաղաքական ուժէն պիտի պոկեն-տանին 2 լիազօրագիր:

Աւագանի անցած 3 քաղաքական ուժերու միաւորման մասին Բարսեղեան ըսաւ ․ – «Առայժմ չ′ունինք որեւէ բանակցային ձեւ: Չի բացառուիր, որ մինչեւ շաբթուան աւարտը, աւագանիի նիստը, ես կ′ենթադրեմ, որ ուժերը պէտք է շահագրգիռ ըլլան, այդ 4 քուէն կրնան որոշիչ ըլլալ: Կը քննարկենք, կ′որոշենք»:

Շիրակի մարզի, միայն Գիւմրիի մէջ չէ, որ ՏԻՄ ընտրութիւններ տեղի ունեցած էին: Մարզի երկրորդ քաղաք՝ Արթիկի մէջ եւս թէժ պայքար ընթացած է հանրապետական, բայց ինքնառաջադրուած Մխիթար Վարագեանի եւ անկուսակցական, նախկին ԲՀԿ-ական, բայց Հանրապետականի կողմէ առաջադրուած թեկնածու, Ազգային ժողովի ներկայիս պատգամաւոր Մուշեղ Պետոյեանի միջեւ:

Նախնական տուեալներով, շուրջ 150 ձայնի առաւելութեամբ Արթիկի մէջ յաղթած է Մխիթար Վարագեանը:

Գիւմրիէն ու Արթիկէն բացի, 72 համայնքներու մէջ եւս տեղական ընտրութիւններ կային:

ՏԻՄ այս ընտրութիւնները իսկական փորձաքար էին Շիրակի մարզի համար: Գիւմրիի մէջ առաջին անգամ քաղաքապետ կ′ընտրուի համամասնական ընտրակարգով, իսկ 4 խոշորացուած համայնքներու մէջ՝ առաջին անգամ ՏԻՄ ընտրութիւններ տեղի կ′ունենան:

ՏԻՄ ընտրութիւններուն հետեւող դիտորդներուն, հոկտեմբեր 2-ի ընտրութիւնները դիտարկած դիտորդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու խօսքով՝ երէկ արձանագրուած են աւելի քան 200 ընտրախախտում ։

18 համայնքներու մէջ 230 դիտորդներով ընտրութեան հետեւած «Քաղաքացի դիտորդ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Արմէն Գրիգորեանի խօսքով, խախտումներու ձեռագիրը ընդհանուր առմամբ դիտորդներուն արդէն ծանօթ է։

Խախտումները՝ դիտորդները կը բաժնեն մի քանի մեծ խումբերու՝ զանգուածային կուտակումներ ընտրատեղամասի յարակից տարածքի մէջ, այլ անձի փոխարէն քուէարկութեան դէպքեր, ընտրակաշառքի վերաբերեալ ահազանգեր, քաղաքացիներու ուղղորդուած հոսք։

Վանաձորի եւ Գիւմրիի ընտրութիւնները դիտարկած առաքելութեան ներկայացուցիչ Արթուր Սաքունցին կը մտահոգէ, իրաւապահներու անգործութեան հարցը.- «Յանձնաժողովի նախագահի առջեւ հարց կը բարձրացնենք կուտակումները վերացնելու, որուն նպատակով ինքը համապատասխան հրահանգ կու տայ ոստիկանութեան, եւ ոստիկանութիւնը նոր կ′իրականացնէ իր գործողութիւնը: Բայց մինչեւ մեր ահազանգելը ոստիկանութեան աչքի առջեւ տեղի կ′ունենան այդ կուտակումները»:

Վանաձորի տեղամասի մը մէջ ծերանոցի բնակիչներուն ընտրելու բերած էին՝ երիտասարդներ, որոնք կ′արձանագրուէին եւ անոնց փոխարէն կը քուէարկէին, սակայն տարեցներու անունը նոյնիսկ չէին գիտէր, եւ հաւանաբար ընտրութեան օրը հանդիպած էին առաջին անգամ։

Վանաձորում արձանագրուած է նաեւ լրագրողի մասնագիտական աշխատանքը խոչընդոտման դէպք: «Аraratnews» կայքի լրագրող Շողիկ Գալստեանը շարունակ նկարահանած է ընտրատեղամասի տարածքէն ժամեր շարունակ չհեռացող եւ Հանրապետական կուսակցութեան վստահուած անձի հետ պարբերաբար զրուցող կին մը, որ ի վերջոյ խլած է լրագրողի հեռախօսը եւ ըստ ականատեսներու, նետած յատակին ու կոտրել։

Վանաձորի ընտրութեան ողջ օրուան ընթացքին օդէն կախուած էին ընտրակաշառքի մասին լուրեր: Այս մասին կը խօսէին ե՛ւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, ե՛ւ դիտորդները, սակայն որեւէ մէկուն չէր յաջողած տեսանկարահանել կաշառքի բաժանման ենթադրեալ դէպք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment