Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պետական Պարտքը Հասած է Աննախադէպ Չափերու

Հայաստանի Պետական Պարտքը Հասած է Աննախադէպ Չափերու

by MassisPost

Ֆինանսներու նախարարութեան տուեալներով՝ այս տարուան օգոստոսի վերջը Հայաստանի քաղաքացիները այլեւս պարտք էին շուրջ 5.5 միլիարդ տոլար, սակայն մինչեւ տարուան վերջ այն ա՛լ աւելի պիտի աճի՝ կազմելով երկրի ողջ տնտեսութեան՝ ՀՆԱ-ի, 54.4 տոկոսը:   2017 թուականի պետական ելեւմտացոյցի նախագիծը   ներկայացնելու ատեն երէկ կառավարութեան նիստին այս մասին յայտարարեց ֆինանսներու նորանշանակ նախարար Վարդան Արամեանը, ընդգծելով՝ ընդամէնը երկու տարուան մէջ՝ 2015-2016 թուականներուն, երկրի պետական պարտքը սրընթաց աճէր է՝ ՀՆԱ-ի 43.7 տոկոսէն դառնալով 54.4 տոկոս:

«Մենք երկու տարի անընդմէջ՝ 2014 եւ 2015 թուականներուն, ունեցած ենք պետական պակասուրդի բաւականին բարձր մակարդակ, պարոն վարչապետ, 4․8 տոկոս, եւ այս տարուան արդիւնքներով, ամենայն հաւանականութեամբ, մենք կ′ունենանք գնահատականը՝ 5․9 տոկոս պակասուրդ/ՀՆԱ: Այս պարտքի ստեղծման հիմնական աղբիւր է, եւ մեզ մօտ պարտքը երկու տարիներու ընթացքին 43․7 տոկոսէն բարձրացած է, տարուան վերջը կը գնահատուի մինչեւ 54․4 տոկոս կ′ունենանք: Բնականաբար, յաջորդ տարիներու համար մենք պէտք է ըլլանք աւելի պահպանողական, որպէսզի թոյլ չտանք պարտքի յետագայ գերաճ»,- կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց Արամեանը:

Պակասուրդ կը նշանակէ հետեւեալը՝ պետական ելեւմտացոյցը եկամուտները աւելի քիչ եղած են, քան ծախսերը, ուստի կառավարութիւնը պարտք կուտակած է:

Բացարձակ թիւերով պատկերը հետեւեալն է․ ֆինանսներու նախարարութեան տուեալներով՝ եթէ 2014 թուականի վերջը Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէր 4 միլիարդ 441 միլիոն տոլար, ապա այս տարուան օգոստոսի վերջը այն արդէն 5 միլիարդ 484 միլիոն էր: Ընդամէնը 1 տարի 8 ամսուան մէջ պարտքը աւելցեր է աւելի քան 1 միլիարդ տոլարով:

Պետական պարտքի չդադրող սրընթաց աճը սկսած է մտահոգել իշխանութիւններուն, սակայն այս ամէնուն ուղղակի հետեւանքները Հայաստանի քաղաքացիները կը զգան արդէն գալիք տարի: 2017 թուականի ետելեւմուտի նախագիծը երէկ ներկայացնելու ժամանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յայտարարեց՝ նկատելիօրէն պիտի կրճատեն ծախսերը եւ պիտի աւելցնեն հարկերու հաւաքումը:

«Կոշտ ելեւմուտ կը նախատեսենք 2017 թուականին: Թիւերը կը խօսին անոր մասին: Մօտաւորապէս 70 միլիարդ կը նախատեսենք եկամուտներու աճ, մօտաւորապէս 100 միլիարդ կը նախատեսենք ծախսերու նուազեցում: Եւ այն բոլոր հարցադրումները, որոնք կը հնչեցնենք մենք՝ կառավարման վերաբերեալ, ծախսերու նուազեցման վերաբերեալ, այդ բոլոր խնդիրները շատ եւ շատ հրատապ են», – ըսաւ վարչապետը:

Թիւերը աւելի տպաւորիչ կը դառնան, եթէ դիտարկենք, թէ ինչ արդիւնքի հասած են Հայաստանի իշխանութիւնները 2009 թուականի տնտեսական ճգնաժամէն ի վեր:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան եւ ֆինանսներու նախարարութեան տուեալներով, եթէ 2008 թուականին՝ տնտեսական ճգնաժամէն առաջ, երկրի համախառն ներքին արդիւնքը կը կազմէր 11.9 միլիարդ տոլար, իսկ պետական պարտքը 1.9 միլիարդ էր, ապա 2015-ին ՀՆԱ-ն աւելի քիչ էր՝ 10.5 միլիարդ տոլար, մինչդեռ պետական պարտքը աւելցած էր 2.6 անգամ եւ կը կազմէր 5 միլիարդ 71 միլիոն տոլար:

Նախորդ տարիներուն իշխանութիւնները կը յայտարարէին՝ նման պարտքեր կ′ըլլային երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելու, այլակերպելու համար, սակայն ինչպէս օրերս Ազգային ժողովին մէջ   յայտարարեց   վարչապետ Կարէն Կարապետեանը՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը չափազանց ծանր վիճակի մէջ է: Հետեւաբար, հարց կ′առաջանայ՝ ո՞ւր հոսած է Հայաստանի քաղաքացիներու անունէն վերցուած աւելի քան 3.5 միլիարդ տոլար պարտքը: Այդ կապակցութեամբ ֆինանսներու նախարար Վարդան Արամեանը ըսաւ․- «Գիտէ՞ք, այդ չափազանց ծանր, շատ աղէտալի կամ նմանատիպ ձեւակերպումները պէտք է միշտ յարաբերութեան մէջ»: Ի պատասխան դիտարկման, որ վարչապետն այդպէս ձեւակերպած է, նախարարը ըսաւ․- «Սպասեցէք, վարչապետը իրատեսականութեան կը նայի, եւ ես վստահ եմ, որ վարչապետի ազդակը շատ բնական է, բայց երբ որ մենք կ′ըսենք՝ մենք նպատակին չենք հասած, որովհետեւ պարտք ենք, ես այդ ձեւակերպման հետ համաձայն չեմ, որովհետև, գիտէ՞ք, մենք ամէն դէպքի ունինք որոշակի սահմանափակում: Իհարկէ, եթէ մենք պարտքը աւելցնենք շատ աւելի կտրուկ, որ յաջորդ տարիներուն տնտեսական աճ կը ստեղծէր, բնականաբար, աւելի բարձր տնտեսական աճերով կ′երթայինք, բայց մենք միշտ նաեւ հետամուտ եղած ենք, որպէսզի պարտքի գերաճ չ′ունենանք»:

Տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեանի խօսքով՝ ակնյայտ է, որ վերցուած վարկերը արդիւնաւէտ չեն աշխատած: «Եւ այն նաեւ, որ 2019 թուին մենք բաւականաչափ, նաեւ Վերահսկիչ պալատը կը փաստէ այդ, բաւականաչափ մեծ գումարներ պէտք է ուղղորդենք դէպի այդ պարտքի սպասարկման, իսկ այն պարագային, երբ որ տնտեսութիւնը այդ վարկերը չեն ուղղած, որպէսզի աւելի բալանսաւորուած տնտեսութիւն ունենանք եւ երկարաժամկէտ աճ, հաւանականութիւնը բաւականաչափ մեծ է, որ մենք լուրջ խնդիրներ պիտի ունենանք»,- ըսաւ տնտեսագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment