Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն Չի Յստակեցնէր՝ կը Վերանշանակուի՞ն Արդեօք Նալպանտեանն ու Օհանեանը

ՀՀԿ-ն Չի Յստակեցնէր՝ կը Վերանշանակուի՞ն Արդեօք Նալպանտեանն ու Օհանեանը

by MassisPost

Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավարը խորհուրդ կու տայ սպասել հրամանագրին, իշխող կուսակցութեան խօսնակն ալ կ′ըսէ, որ դրական կը գնահատէ թէ՛ Օհանեանին, թէ՛ Նալպանտեանին, «ինչպէս նաեւ Տիգրան Սարգսեանին եւ Յովիկ Աբրահամեանին»:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարի փոխանցմամբ՝ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին կ′որոշուի, թէ ի վերջոյ որոնք կը զբաղեցնեն պաշտպանութեան եւ արտաքին գործերու նախարարներու պաշտօնները:

Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը  գրեթէ ձեւաւորուած է, առայսօր անյայտ կը մնայ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Սէյրան Օհանեանի ճակատագիրը՝ կը վերանշանակուի՞ն անոնք արտաքին քաղաքական եւ ռազմական գերատեսչութիւններ եւ ղեկավարներու պաշտօններուն, թէ՞՝ ոչ: ըստ մամուլին, նախ՝ արտ.գործ.նախարարի, ապա՝ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին կը շրջանառուէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի անունը, սակայն ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը այսօր վստահեցուց, որ նման քննարկում չէ եղած:

«Վիգէն Սարգսեանը շատ լաւ կ′աշխատի որպէս աշխատակազմի ղեկավար, իսկ մնացած հարցերու քննարկման հետ կապուած, ես տեղեակ չեմ: Ենթադրութիւններով չենք շարժիր: Հրամանագիրը կ′ըլլայ, բոլորդ ականատես կ′ըլլաք», ըսաւ Պաղտասարեան:

Ան աւելցուց ․ – «Եթէ յանկարծ քննութեան մէջ պարզուի, որ նաեւ թերացումներ եղած են պաշտպանութեան նախարարի կողմէ, որպէս կառավարիչի, իր չափով ան կրնայ կրել, բայց առայժմ նման երեւոյթներ չկան»:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment