Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ժամանակն է ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գոյութիւնը

ժամանակն է ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գոյութիւնը

by MassisPost

«Ղարաբաղի ժողովուրդը չի կրնար պատանդ մնալ Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան եւ պիտի շարունակէ զարգանալ նոյնիսկ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան չկարգաւորուած ըլլալու պարագային»,- երէկ յայտարարեց Ղարաբաղի արտ.գործ.նախարար Կարէն Միրզոյեանը՝ ելոյթ ունենալով Եւրախորհրդարանին մէջ, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար՝ Ֆրանք Էնկելի կողմէն, Պելճիքայի խորհրդարանի շէնքին մէջ կազմակերպուած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ պետականաշինութեան 25 տարին անկայուն տարածաշրջանի մէջ» խորագրով կլոր սեղան-քննարկման ժամանակ։

Միրզոյեանի խօսքով, չնայած Ղարաբաղեան շարժման խաղաղ եւ օրինական բնոյթին, սկզբէն ի վեր Ազրպէյճանը մերժեց որեւէ երկխօսութիւն եւ դիմեց սպառնալիքներու լեզուին եւ ահաբեկման քաղաքականութեան, որ յետագային յանգեցուց լայնածաւալ պատերազմի՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան դէմ։

ԼՂ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծեց, որ այսօր ալ Ղարաբաղի ժողովուրդը ստիպուած է բառացիօրէն պաշտպանել երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղը անցեալին վերադարձնելու Ազրպէյճանի անդադար փորձերու պայմաններուն մէջ:

Կարէն Միրզոյեանը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը բազմիցս բարձրաձայնած է Ազրպէյճանի կողմէ նոր պատերազմի բացայայտ նախապատրաստութեան մասին, սակայն միջազգային հանրութիւնը անհաղորդ մնաց այդ զգուշացումներուն։

Ազրպէյճանի անպատժելիութիւնը, ըստ Միրզոյեանի, յանգեցուց ապրիլ 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման։

Այս կապակցութեամբ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ Ղարաբաղի իշխանութիւնները մեծապէս կը կարեւորեն բոլոր մակարդակներուն մէջ, արտաքին քաղաքական կապերու ընդլայնումն ու խորացումը եւ հանրապետութեան ամբողջացումը միջազգային գործընթացներուն:

Կարէն Միրզոյեանը համոզմունք յայտնած է, որ միջազգային համագործակցութեան ընդարձակումը կարեւոր ներդրում կը հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման գործին։

«Հաւատացած ենք, որ եկեր է ժամանակը, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը սատարէ մեր պայքարին: Ժամանակն է ճանչնալ իրականութիւնը՝ այն է ազատ եւ ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութիւնը, եւ աջակցիլ անոր հետեւողական զարգացման», – եզրափակեց Կարէն Միրզոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment