Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Թոմաս Տը Վաալ՝ Ազրպէյճանը Մուտք կը Գործէ Անկայունութեան Ժամանակաշրջան

Թոմաս Տը Վաալ՝ Ազրպէյճանը Մուտք կը Գործէ Անկայունութեան Ժամանակաշրջան

by MassisPost

«Ազրպէյճանը մուտք կը գործէ փոփոխութիւններու եւ անկայունութեան ժամանակաշրջան»,- համոզուած է Կովկասի խնդիրներով զբաղող ամենահեղինակաւոր արեւմտեան փորձագէտներէն մէկը` Թոմաս տը Վաալը:

«Քարնեգի» հիմնադրամի կայքին վրայ զետեղուած ծաւալուն յօդուածին մէջ վերլուծաբանը կը նկատէ.- «Նաւթային աղմուկը, որ խթանեց տնտեսութեան աճը, ամրապնդեց պետականութեան հիմքերն ու թոյլ տուաւ Ազրպէյճանին նոր ձեւով հանդէս գալ միջազգային ասպարէզին մէջ, աւարտած է»:

Տը Վաալի համոզմամբ, այսօր Ազրպէյճանի իշխանութիւնը կանգնած է բաւական լուրջ երկընտրանքի առջեւ` ինչպէ՞ս ազատականացնել տնտեսութիւնը առանց քաղաքական բարեփոխումներու:

«Այսօր, Ազրպէյճան գործող կառավարման համակարգը ամենամենատիրականն է 1991-էն ի վեր»,- կը նշէ վերլուծաբանը։

Անոր խօսքով, սակայն, Պաքուի առջեւ ծառացած հիմնական խնդիրներէն մէկը 2000-ականներու կէսերէն կուտակած նաւթային գերշահոյթներու անարդիւնաւէտ տնօրինումն էր:

«Նաւթային աղմուկի տարիներուն երկրի ռազմական ելեւմուտը հասաւ տարեկան 4 միլիարդ տոլարի: Անոր հետ մէկտեղ այն ոլորտները, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունէին աղքատութեան դէմ պայքարի եւ Ազրպէյճանի բնակչութեան ընկերային ապահովութեան տեսանկիւնէն` աւելի քիչ գումար կը ստանային»,- կը նշէ վերլուծաբանը։

Տը Վաալի խօսքով, Ազրպէյճանը աւելի լուրջ խնդիրներու հանդիպեցաւ միջազգային շուկային մէջ նաւթի գինին կտրուկ անկման պատճառով:

«2016-ի առաջին 8 ամիսներուն ՀՆԱ-ի անկումը Ազրպէյճանի մէջ մօտ չորս տոկոս կազմած է, արտահանման ծաւալները նուազած են 37 տոկոսով: 2016-ի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Կեդրոնական դրամատան պահեստային միջոցները մօտ 4 միլիարդ տոլար կը կազմէին` 2014 թուականի 15 միլիարդ համեմատ: Անկում կ′ապրին նաեւ՝ նաւթի արդիւնահանման ծաւալները: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա Ազրպէյճանի նաւթային պաշարները կը սպառին երկու տասնամեակի ընթացքին, յատկապէս, եթէ նկատի ունենանք, որ 1994-էն այս կողմ Ազրպէյճանի տարածքին որեւէ նոր նաւթահոր չէ յայտնաբերուած»,- կը գրէ Տը Վաալը:

Նման պայմաններու մէջ, ըստ բրիտանացի վերլուծաբանի, Ազրպէյճանի իշխանութիւններու համար ցնցումներէն խուսափիլը բաւական դժուար պիտի ըլլայ:

«Նաւթային աղմուկի աւարտը բարեփոխումներ կը պահանջէ, որոնց իրականացումը անհնարին է՝ առանց քաղաքական կեանքին հանրային լայն զանգուածներու որոշակի մասնակցութեան: Բայց, եթէ որոշ նախանշաններ առկայ են, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կրնայ տնտեսական բարեփոխումներ իրագործել, վերջին սահմանադրական փոփոխութիւնները կը վկայեն, որ Ազրպէյճանի նախագահի միակ ցանկութիւնը իր ստեղծած քաղաքական համակարգի պաշտպանութիւնն ու անոր գործունէութեան երկարաձգումն է»,- կը նշէ Թոմաս տօ Վաալը` աւելցնելով.- «Ատրպէյճանական հանրութիւնը շատ աւելի արագօրէն կը փոխուի քան այդ կրնան ընկալել Պաքուի իշխանաւորները։ Իսկ այդ կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները շուտ կամ ուշ քաղաքական նոր մարտահրաւէրներու պիտի հանդիպի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment