Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժողովուրդ»՝ Սերժ Սարգսեանը Սէյրան Օհանեանին Կանջած է Նախագահական. Ան Պիտի Չվերանշանակուի

«Ժողովուրդ»՝ Սերժ Սարգսեանը Սէյրան Օհանեանին Կանջած է Նախագահական. Ան Պիտի Չվերանշանակուի

by MassisPost

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ. «Մօտ մէկ շաբաթէն կը լրանայ 20-օրեայ ժամկէտը, որուն ընթացքին պէտք է Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութեան խորհրդասենեակը ամբողջութեամբ ձեւաւորուի: Նոր կառավարութեան շուրջ ծաւալուած քննարկումներու կարեւորագոյն թեման ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հարցն է:

Յիշեցնենք` կառավարութեան արձակուելէն անմիջապէս յետոյ «Ժողովուրդ» օրաթերթը 09.09.2016-ի. իր թիւին մէջ տեղեկութիւն հրապարակեց այն մասին, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեանը չի վերանշանակուիր իր պաշտօնին: Այնուհետեւ լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ Օհանեանը պիտի նշանակուի ՀԱՊԿ քարտուղար: Սակայն յետագային ինքը՝ Օհանեանը, հերքեց ՀԱՊԿ քարտուղար նշանակուելու տարբերակը, ինչ որ շատ գործիչներու մօտ տպաւորութիւն ստեղծեց, թէ ան պիտի մնայ իր պաշտօնին:

Երէկ Սերժ Սարգսեանը ՀՀ նախագահի նստավայր հրաւիրած է Սէյրան Օհանեանին` ապագայի մասին զրուցելու: «Ժողովուրդ» օրաթերթի լաւատեղեակ աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ երկու պաշտօնեաներու մօտ երկժամեայ հանդիպման իբր արդիւնք որոշում կայացուած է, որ Սէյրան Օհանեանը այլեւս չվերանշանակուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարար: Թէ ինչով պիտի զբաղի Սէյրան Օհանեան, «Ժողովուրդ»-ին տակաւին պարզել չյաջողուեցաւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment