Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Նախարարը կը Պահանչէ Փակէլ Մեծամորի Աթոմակայանը

Թուրք Նախարարը կը Պահանչէ Փակէլ Մեծամորի Աթոմակայանը

by MassisPost

«Մեծամորի աթոմակայանը վտանգ կը ներկայացնէ դրացի երկիրներու համար եւ պէտք է փակուի»,- յայտարարած է Թուրքիոյ ուժաբանութեան եւ բնական պաշարներու նախարար Պերաթ Ալ Պայրաքը Վիեննայի Աթոմային կենսուժի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր խորհրդաժողովի ժամանակ:

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ` Ալ Պայրաքը պնդած է, որ Մեծամորի աթոմակայանը 47 տարի առաջ կառուցուած է եւ արդէն շահագործման ենթակայ չէ: Ան նշած է, որ պաշտպանական կառոյցներէն զուրկ աթոմակայանը Թուրքիոյ սահմանէն ընդամէնը 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ սպառնալիք է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ եւ Հայաստանի միւս դրացի երկիրներուն համար:

Թուրք նախարարը գործակալութեան անդամ երկիրներուն կոչ ըրած է հետեւողական ըլլալ նմանօրինակ աթոմակայաններու հարցով: «Մեծամորի աթոմակայանը պէտք է փակուի: Տարածաշրջանն ու աշխարհը չեն կրնար թոյլ տալ եւս մէկ  աթոմային աղէտ Չերնոպիլէն յետոյ »,- յայտարարած է Ալ Պայրաքը:

Թուրքիոյ ուժաբանութեան երիտասարդ նախարարը, որ նախագահ Թայիպ Էրտողանի փեսան է, առաջին անգամը չէ, որ կը բարձրաձայնէ Հայկական աթոմակայանը փակելու անհրաժեշտութեան մասին: Անցեալ ապրիլին, երբ խումբ մը ցուցարարներ կը բոյկոտէին Թուրքիոյ մէջ նոր աթոմակայաններ կառուցելու նախագիծը, Պերաթ Ալ Պայրաքը ցուցարարներուն կոչ ըրած էր իրենց բողոքը ուղղել Հայաստան գտնուող աթոմակայանի դէմ: «Եթէ ձեր կենսուժը ծախսէք Մեծամորի աթոմակայանը բոյկոտելու համար, մեծ ծառայութիւն կը մատուցէք Թուրքիոյ, քանի որ ան վտանգ կը ներկայացնէ ողջ տարածաշրջանին համար»,- ըսած էր թուրք նախարարը:

Ի դէպ, Մեծամորի աթոմակայանի շահագործման դէմ բողոքի արշաւ սկսելու կոչերով քանի մը անգամ հանդէս եկած է նաեւ Թուրքիոյ ուժաբանութեան նախորդ նախարար Թաներ Եըլտըզը: Վերջինս անցեալ տարուան Մայիսին բնապահպաններուն կոչ ըրած էր բողոքի ցոյց կազմակերպել Իկտիրի մէջ :

Յիշեցնենք, Մեծամորի աթոմակայանը կառուցուած է 1970 թուականին: 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն յետոյ ան փակուեցաւ, սակայն վերաբացուեցաւ 1995 թուականին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment