Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ «Հրանդ Տինք» Հիմնադրամի 8-րդ Տարեկան Մրցանակաբաշխութիւնը

«Հրանդ Տինք» Հիմնադրամի 8-րդ Տարեկան Մրցանակաբաշխութիւնը

by MassisPost

«Հրանդ Տինք» Հիմնադրամի միջազգային 8-րդ ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը Սեպտեմμեր 22-ին տեղի ունեցած է Պոլսոյ «Լիւթվի Քըրտար» կեդրոնին մէջ: Այս տարի մրցանակներու արժանացած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի խորհրդանիշներէն մէկը համարուող Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութիւնը եւ Մալաուիցի հասարակական գործիչ Թերեզա Կաչիդամոտոն, որ կը պայքարի երեխաներու կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներու համար:

dinkodulu2Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան նախկին նախագահը Թահիր Էլչին էր, որ Սուր գաւառին մէջ տեւական բախումներու ժամանակ կը պայքարէր պատմական ժառանգութեան պահպանման համար: Այդ նպատակով կազմակերպուած բացօթեայ մամուլի ասուլիսի ժամանակ էր, որ զայն 2015 թուականի Նոյեմբեր 28-ին փողոցին մէջ սպանեցին: Մրցանակը միութեան կողմէ ստացած է փոխնախագահ Ահմետ Օզմենը: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ խնդիրները հնարաւոր է լուծել միայն հասարակութեան տարբեր հատուածներու միաւորման, ժողովրդավարութեան շուրջ համախմբման ճանապարհով:

«Թահիր Էլչիի եւ Հրանդ Տինքի մեզի աւանդած ժառանգութիւնը այսօր պահպանելն ու զարգացնելը ամենահիմնաւոր պարտականութիւնն ու պատմական պատասխանատուութիւնն է մեզի համար: Ասոր միակ ճանապարհը խաղաղութիւն ցանկալը եւ անոր հաստատման նպատակով մեր ձայնը բարձրացնելն է»,- նշած է Օզմենը:

dinkodul3Միւս մրցանակակիրը` Թերեզա Կաչիդամոտոն, Մալաուիի մէջ երկար տարիներ հանդէս կու գայ աղջիկ երեխաներու բռնի ամուսնութեան դէմ, կը պաշտպանէ անոնց կրթութիւն ստանալու իրաւունքը: Ան ստեղծած է հիմնադրամ մը, որ կը վճարէ աղքատ ընտանիքներու աղջիկներու կրթութեան համար: Մրցանակը ստանալու ատեն ան նշած է. «Ես կը հպարտանամ այն ամէնով, ինչին հասած ենք, սակայն դեռ երկար ճանապարհ ունինք անցնելու: Երախտապարտ եմ բոլոր անոնց, որոնք այս ճանապարհը անցած են ինծի հետ: Յոյսով եմ, որ աւելի շատ մարդիկ ինծի հետ ձեռք ձեռքի, ուս ուսի կը պայքարին Մալաուիի մէջ աղջիկ երեխաներու իրաւունքներուն համար»:

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի մէկ մարդու եւ մէկ կազմակերպութեան, որոնք Թուրքիոյ կամ երկրէ դուրս կը պայքարին խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ բռնութենէ զերծ աշխարհի մը համար, սեփական իտէալներու համար պատրաստ են վտանգի երթալու, կ’օգտագործեն խաղաղութեան լեզուն եւ այդպիսով կը խրախուսեն եւ կ’ոգեշնչեն միւսները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment