Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շրջանառութեան Դրուած է ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին Նուիրուած 2 Նամականիշ

Շրջանառութեան Դրուած է ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին Նուիրուած 2 Նամականիշ

by MassisPost

«Հայփոսթ Թրասթ Մենեճմընթ» ՓԲԸ-ը Սեպտեմբեր 21-ին շրջանառութեան մէջ  դրած է 2 նամականիշ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:

«Հայփոսթ» ՓԲԸ-ի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մարման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ: Մարումը իրականացուցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նամականիշերը ունին 200 եւ 300 ՀՀ դրամ անուանական արժէք, տպուած են Ֆրանսա` «Կարթոր» տպարանին մէջ:

200 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած են «25-ամեակ» եւ «Անկախութիւն» արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծածանուող եռագոյն դրօշը կապոյտ երկինքի խորապատկերին` խորհրդանշելով երկրի 25-ամեայ անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:

300 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է «25-ամեակ» արձանագրութիւնը, որ կազմուած է Երեւան քաղաքի պատկերներու քոլլաժի տեսքով` ցոյց տալով նորանկախ պետութեան զարգացումը այս 25 տարիներուն ընթացքին:

Նամականիշերու ձեւաւորման հեղինակներն են «Հայփոսթ Թրասթ Մենեճմընթ» ՓԲԸ կառավարող տնօրէն Խուան Փապլօ Կեչիճեան եւ «Հայփոսթ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորողներ Վահագն Մկրտչեան եւ Դաւիթ Տովլաթեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment