Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութեան Բողոքը Փարիզի Մէջ Բացուած «Ազրպէյճանի Գիւղ» Ցուցահանդէսին Դէմ

ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» Երիտասարդական Միութեան Բողոքը Փարիզի Մէջ Բացուած «Ազրպէյճանի Գիւղ» Ցուցահանդէսին Դէմ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 19-ին Փարիցի մէջ գործող ՍԴՀԿ «Նազարբէկ» երիտասարդական միութեան հրաւէրով բողոքի  ցոյց մը տեղի ունեցած «Ազրպէյճանի գիւղ»-անուան տակ բացուած  ցուցահանդեսի վայրը:

Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի դէմ ուղղուած պաստառներով ու  բարձրախօսով հնչող բողոքի խօսքերով, երիտասարդներ հաւաքուած էին  ոստիկանութեան կողմէ հաստարուած հեռաւորութեան վրայ:

«Անցորդները կը հարցնէին թէ ո՞վ  ենք եւ ինչո՞ւ համար հաւաքուած ենք: Ոստիկաններուն թիւը սկիզբը երկուք էր, սակայն հասաւ 30-ի: Անոնք մեզ զգուշացուցած էին, որ 200 մեթրէն աւելի չմօտենանք ցուցադրութեան վայր, կը սպառնային ձերբակալել մեզ: Ազերիական ապահովական վարձուած խումբի անդամները սկսան աւելի մօտենալ եւ ծեծելու փորձեր ընել, բայց ոստիկանները արգիլեցին: Ցոյցը նախատեսուած էր այս օրը, որովհետեւ Ալիեւի կինը` Մեհրիպան Ալիեւ անձամբ բացումը պիտի կատարէր «Գիւղ»-ին», «Արեւելք» կայքէջին  յայտնած է  ՍԴՀԿ Փարիզի «Նազարբէկ երիտասարդական միութեան» անդամ մը:

«Նազարբէկ» երիտասարդական միութիւնը  Ներերքին. Գործոց Նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած էր ցոյցը կայացնելու համար, բայց միայն 700 մ. հեռաւորութեան վրայ: ՚ «Նազարբէկ» հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցած էր ամբողջ գաղութը, ինչպէս նաեւ հեռախօսային, ցանցային եւ անհատական կապեր հաստատելով:

Վերջին տարիներուն, «Հայտար Ալիեւ» հիմնարկութեան նիւթական միջոցներով, Փարիզի մէջ քարոզչական իրարայաջորդ ձեռնարկներ կազմակերպող Ատրպէյճան, այս անգամ ալ ինքզինք կը ցուցադրէ «Ազրպէյճանի գիւղ»-անունով, մայրաքաղաքին 7-րդ թաղամասի` Ժոֆրը հրապարակին վրայ, ամբողջ շաբաթ մը` Սեպտեմբեր 17-էն 25:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment