Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արցախի մէջ

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արցախի մէջ

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ այցելելով Արցախ հանդիպումներ ունեցած են ԼՂՀ պատասխանատու մարմիններու հետ: Այս ծիրէն ներս պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի այցելած է ԼՂՀ Առողջապահութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցած է նախարար Կարինէ Աթայեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախի ընդհանուր առողջապահական ոլորտը: Տիար Համբիկ Սարաֆեան այս մասին խօսելով Պէյրութի «Արարատ»ին ընդգծած է, որ այսօր հիմնական առաջնահերթութիւն կը հանդիսանայ նեցուկ կանգնիլ եւ օժանդակել Արցախի առողջապահական ոլորտի տարբեր բաժանմունքներուն, որոնց ամէնէն հիմնականը հիւանդանոցներն են: Սարաֆեան նաեւ յայտնեց, որ ՍԴՀԿ-ն Արցախի առողջապահական ոլորտի հիմնական պէտքերը հոգալու նպատակով պատրաստած է յատուկ ծրագիրներ, որոնք պիտի իրագործուին ՀԿԲՄ-ի անմիջական աջակցութեամբ նկատել տալով նաեւ, որ յառաջիկայ հանգրուանին այդ մասին պիտի իրազեկուի մամուլին:

Նշենք, որ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկերոջ եւ մասնակցութեամբ ընկերներ Վազգէն Գալթաքճեանի եւ Խաչիկ Քէշիշեան այցելութիւններ տուած են Ասկերանի եւ Մարտակերտի հիւանդանոցներ մօտէն ծանօթանալու համար այնտեղ տիրող ընդհանուր իրավիճակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment