Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Նոր Ցուցադրութիւնը

Բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Նոր Ցուցադրութիւնը

by MassisPost

«ԵՂԵՌՆԻՑ ԴԷՊԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ»

Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուեցաւ «Եղեռնից դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:

Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ցուցադրութեան ներառուած են հազուագիւտ պատմական դրօշներ եւ զինանշանային յօրինուածքներ, որոնք պատրաստուած են 18-20-րդ դարերու հայ ազատագրական պայքարի տարիներուն: Բացառիկ նմուշներ են Մեծ Եղեռնէն յետոյ հայ որբերու պատրաստած դրօշներն ու զինանշանները:

museum-1Ցուցանմուշներու մեծ մասը, որոնք կը ներկայացնեն հայաստանեան ու սփիւռքեան շարք մը թանգարաններու հաւաքածոները, կը ցուցադրուին առաջին անգամ: Հայկական զինանշաններու ու դրօշներու հազուագիւտ այս պատկերագրութեան նմուշներու կարգին են՝ գորգեր, փորագրանկարներ, պաստառներ, արծաթէ իրեր, նամականիշեր, բացիկներ, գիրքեր ու ալպոմներ, ինչպէս նաեւ՝ «Մայր Հայաստան»-ի կերպարով տարբեր յօրինուածքներ:

«Այս մեր ազգային նկարագիրն է, մեր ազգային ազատագրական պայքարի, իղձերու, յոյզերու եւ ամենակարեւորը՝ պետականութեան սպասումի ամբողջացումն է եւ խտացումը: Այս իրերը իւրօրինակ կրիչներն են պետական խորհրդանշաններու, որ մեր նախապապերը սերունդներ առաջ նկարած են, թաքցուցած են, դրոշմած ու դրուագած են տարբեր կրիչներու վրայ՝ մետաղ, փայտ, թուղթ եւայլն: »,- բացման խօսքին մէջ, նշեց ՀՑԹԻ տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Տեմոյեան:

museum-2ՀՑԹԻ տնօրէնը յատկապէս շեշտեց՝ այդ պետականութեան մեծագոյն զոհողութիւնը Մեծ Եղեռնն էր, որովհետեւ զոհուածներու կողքին նոյնպէս ունէր ազատ, անկախ Հայաստան ապրելու իղձը: Պատահական չէ, որ Մեծ Եղեռնի որբերը, այրիները, վերապրածները շարունակաբար կը նկարէին, կը գործէին, կը դրուագէին հայկական դրօշներու եւ զինանշաններու տարաբնոյթ պատկերներ:

ՀՑԹԻ տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր գործընկերներուն, որոնց աջակցութեան շնորհիւ կայացաւ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր թանգարաններու միջեւ՝ բացուեցաւ մօտ 200 ցուցանմուշ ունեցող ցուցադրութիւնը:

Ցուցադրութեան գլխաւոր գործընկերը Վիվասել-ՄՏՍ-ն է:

Նախագիծի վաղեմի գործընկերը բարերար՝ Գաբրիէլ Ջեմպերճեանն է, որուն աջակցութեամբ 2012-ին տպագրուած է ցուցադրութեան իւրօրինակ ցուցակը հանդիսացող «Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» ուսումնասիրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment