Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Լոս Անճելըսի Մէջ

by MassisPost

Լոս Անճելըսի Grand Park-ին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նոր յուշարձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 17-­ին:

Լոս Անճելըսի Գաւառի վերակացու՝ Մայք Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ զետեղուած յուշակոթողի բացման արարողութեան ներկայ եղան տեղական քաղաքական դէմքեր եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Երկու մասի կիսուած, մէկ մասը խորդուբորդ եւ միւս մասը հարթ արձանը  կը խորհրդանշէ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը:

Յուշարձանին վրայ հայ մեծանուն գրող Ուիլիեըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքերն են. «Կեանքիդ ժամերը ապրիր այնպէս, որ քեզի բաժին ինկած ժամերուն չաւելցնես աշխարհի վիշտն ու տառապանքը, այլ ժպիտով ընդունիս անոր անսահման լոյսն ու խորհուրդը»:

Յուշարձանի ստեղծման աշխատանքներուն մասնակցած լուսանկարիչ Լեւոն Փարեան նշեց, որ իրենք նպատակ ունեցած են ստեղծել գործ մը, որ խօսուն ըլլայ աւելի լայն հասարակութեան համար:

Հինգ թոն կշռող յուշարձանի հեղինակը կլանտէյլաբնակ ճարտարապետ Վահագն Թոմասեանն է: Արարատեան դաշտէն բերուած հումքէն պատրաստուած յուշարձանի ճեղքուածքը կը խորհրդանշէ 1915-­1918 թուականներու Ցեղասպանութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ խլեց 1.5 միլիոն հայերու կեանք:

Հեղինակը` Թոմասեանը, պատմած է, որ խորդուբորդ հատուածը կը խորհրդանշէ Ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակաշրջանը, երբ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր եւ կը փորձէր գոյատեւել: Հարթ հատուածը կը խորհրդանշէ ներկան, ապագան եւ նոր սերունդները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment